Երէկ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ընդունեց Վրաստանի` Նախիջեւանի մէջ գտնուող պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս տեղեկութիւնը փոխանցած է ազրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը: Հանդիպման ընթացքին Հասանով ընդգծեց Վրաստանի հետ բանակցութիւններու եւ տեղի ունեցող հանդիպումներու ռազմավարական նշանակութիւնը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին շրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:
Նախիջեւանի մէջ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու եռակողմ հանդիպման մասնակցելու նպատակով այստեղ ժամանեց նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ:
Նախարարները այսօր պիտի մեկնին Նախիջեւանէն:


