ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մտահոգ է Լիբանանով եւ անոր գոյութեամբ: Ան ճիշդ այդ պատճառով է, որ կը պահանջէ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
ԻՐԱՆԻ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին համար Դիմադրութիւնը մեծ դրամագլուխ է: Յուլիսեան պատերազմին առիթով Լարիժանի շնորհաւորեց Դիմադրութիւնը Լիբանանի եւ շրջանին մէջ անոր իրագործած մեծ նուաճումին համար: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա ամբողջ աշխարհին փաստեց, որ Իսրայէլ շրջանին միակ ուժը չի ներկայացներ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ ցաւակցագիր մը յղեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին` Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ նախկին դեսպան Սերկէյ Փուքինի մահուան սուգին առիթով:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, ահաբեկիչներուն եւ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին միջեւ բանակցութիւնները բարդ են:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը լեղի պատառ մըն է, որմէ պիտի ճաշակեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդգծեց օրէնսդրական նիստեր գումարելու կարեւորութիւնը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց Իրաքի քրիստոնեաներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն ընդգծեց, որ քրիստոնեայ համայնքի իրաւունքն է ներկայանալ հզօր հանրապետութեան նախագահով մը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքը շնորհաւորեց Դիմադրութիւնը` յուլիսեան պատերազմին ընթացքին անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով: Նոյն հոսանքին համաձայն, 2006-ի պատերազմին ընթացքին Իսրայէլ իր տկարութիւնը փաստած է լիբանանցիներուն կամքին դիմաց:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներու կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց համախոհութեամբ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ահաբեկիչներուն հետ չի բանակցիր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան պատրաստուածութիւնը պիտի զարմացնէ թշնամին, յաջորդ պատերազմին ընթացքին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ մաղթեց, որ գերեվարուած զինուորներուն թղթածրարին իմաստով կարելի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած ներկայ արտակարգ պայմաններուն ընթացքին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան չերկարաձգելը փորձանքի համազօր է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ համախմբումը պիտի մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:


