Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` շաբաթ, 16 օգոստոսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ:
Առաջին մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ իր դէմ պիտի ունենայ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլը:
Եթէ ՀՄԸՄ-ի աղջիկները այսօր եւս յաղթանակ մը արձանագրեն` առաջին մրցումին նման, պիտի ապահովեն աւարտականի իրենց տոմսը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Շապապ Արապիի դէմ: Առաջին մրցումին Շապապ Արապի յաղթանակ մը արձանագրեց:


