Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Զինադադարի Խախտումները Կը Նուազին

August 13, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0812_dirqer_sahmanԵրկուշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան հայ – ազրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ կրկին արձանագրուած են ազրպէյճանական կողմէ զինադադարի խախտման դէպքեր, կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, զինադադարի խախտումներու պարբերականութեան նուազումը շարունակուած է: 11-12 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմէն տարբեր տեսակի հրացաններէ հայ դիրքապահներու  ուղղութեամբ արձակուած է անկանոն բնոյթի աւելի քան 100 կրակոց, հայկական կողմէն պատասխան կրակ չէ բացուած: Հայկական կողմը տուժածներ չունի:

Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն վստաhօրէն վերահսկել իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն հետեւիլ զինադադարի պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող միտումնաւոր խախտումներու պարագային:

Արցախ Եւս Կը Հաստատէ
Խախտումներուն Նուազած Ըլլալը

«Սահմանագիծին վրայ կը նկատուի զինադադարի խախտման դէպքերու անկում», երէկ հաղորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին տուեալներով, 11-12 օգոստոսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 40 անգամ, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 500 կրակոց:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը խստօրէն կը հետեւին զինադադարի պահպանման եւ սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել սահմանային իրավիճակին»,  ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք Գոհ Է Սոչիի Մէջ Տեղի Ունեցած Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.