«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ ոգեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նպատակով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը Սոչիի մէջ:
Ան յատուկ գոհունակութիւն յայտնած է այն առնչութեամբ, որ երկու երկիրներու նախագահները հաստատած են իրենց պարտաւորութիւնները երկխօսութեան շարունակութեան եւ խնդիրի խաղաղ լուծման վերաբերեալ:
«Մենք յոյսով ենք, որ շփման գիծին իրավիճակը պիտի կայունանայ, եւ կողմերը, քաղաքական կամք դրսեւորելով, տագնապի լուծման համար պիտի համագործակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ», ըսած է Ուորլիք:


