Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` շնորհաւորելով լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 69-ամեակը:
«Այս առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր զինուորականներն ու սպաները` բարձր գնահատելով անոնց ջանքերը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու միասնականութեան պահպանումին առումով: Այս առիթով կը խոնարհիմ նաեւ հայրենիքին համար զոհուած նահատակ զինուորներուն յիշատակին առջեւ», ըսաւ Սալամ:
Վարչապետը աւելցուց, որ այս տարի Սպայից վարժարանի սպաները իրենց սուրերը չստացան` պաշտօնական տողանցքին եւ աւանդական ձեռնարկին ընթացքին նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պատճառով, հետեւաբար տօնը իր խորհրդանշականութիւնը կորսնցուց:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` երկրին շահերը ամէն բանէ վեր դասելու եւ անմիջապէս նախագահ ընտրելու:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ քննարկեց ալճերիական ջախջախուած օդանաւին վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով Մալի ուղղուած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան տարած աշխատանքներուն կապուած զարգացումները:
Իր կարգին, Մուքպել շնորհաւորեց բանակին հիմնադրութեան 69-ամեակը` կոչ ուղղելով պաշտպանելու երկրին ազգային միասնականութիւնը:
Մուքպել հաստատեց, որ բանակը լիբանանցիներուն յոյսն է, անոնց փրկութեան լաստը եւ քաղաքացիական խաղաղութեան երաշխիքը, որ կը դիմադրէ աւազակախումբերուն ահաբեկչութեան եւ իսրայէլեան բռնարարքներուն:
Ան մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը, հակառակ իրենց տարակարծութիւններուն, շարունակեն զօրակցիլ լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան փրկէ Լիբանանը եւ պահպանէ երկրին կայունութիւնը:


