
Նապաայի բնակիչները երէկ յետմիջօրէին անիւներ հրկիզելով փակեցին շրջանին փողոցները` բողոքելով ջուրի մնայուն տագնապին դէմ:
Աւելի ուշ ապահովութեան ուժերը բացին փակ ճամբաները` ցրուելով բնակիչները:
Այս մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան շեշտեց, որ քաղաքապետարանը մօտէն կը հետեւի այդ հարցին` աւելցնելով, որ այդ տագնապը ունի երկու պատճառ, որոնցմէ առաջինը ամբողջ երկրին մէջ առկայ ջուրի տագնապն է, իսկ երկրորդը` ջուրի խողովակներու նորոգութեան կարիքը:
«Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը այս իմաստով կը գործակցի ջուրի ընկերութեան հետ», ըսաւ ան:


