Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Կը Զգուշացնէ Հայաստանի Կառավարութիւնը Եւ Գործարարները

August 1, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-31_US-EmbassyԵրեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը զգուշացուցած է Հայաստանի կառավարութիւնը եւ գործարարները հաւանական վտանգներու մասին, որոնք կրնան յառաջանալ պատժամիջոցներու ենթարկուած ռուս պաշտօնատարներու եւ ընկերութիւններու հետ գործ ունենալու պարագային:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նշեց. «Մենք բոլոր պետութիւններուն եւ անոնց բնակիչներուն կը թելադրենք հաշուի առնել իրենց վարկին կապուած վտանգը, որ կը յառաջանայ պատժամիջոցներու ենթարկուած անձերու եւ ընկերութիւններու հետ գործ ունենալու պարագային, եւ դադրեցնելու բոլոր գործարքները, որոնք կը հակասեն մեր եւ միւսներուն կողմէ ճշդուած պատժամիջոցներուն: Ինչպէս աշխարհի այլ երկիրներու մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնները, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ դեսպանութիւնը վերջին պատժամիջոցներու մասին տեղեկութիւնները փոխանցած է տեղւոյն կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ ընկերութիւններուն»:

Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւնը նախորդ օրերուն  ընթացքին նոր, աւելի խիստ պատժամիջոցներ սահմանեցին Ռուսիոյ քարիւղի, ռազմարդիւնաբերութեան եւ պետական դրամագլուխ ունեցող ելեւմտական հաստատութիւններուն նկատմամբ:

Պատժամիջոցներու ենթարկուած ռուսական ընկերութիւնները, որոնք ներառուած են Հայաստանի մէջ, «Կազփրոմպանք»-ն ու ՎԹՊ-ն են: Նշուած երկու դրամատուներուն  կը պատկանին, համապատասխանաբար, «Առէքսիմպանք»-ը եւ «ՎԹՊ-Հայաստան» դրամատունը:

Մինչ երկու դրամատուները յայտարարեցին, որ իրենք առանձին իրաւաբանական անձեր են եւ այդ առումով կապ չունին իրենց սեփականատէր դրամատուներու` «Կազփրոմպանք»-ի եւ ՎԹՊ-ի հետ, ուրեմն պատժամիջոցները պաշտօնական առումով իրենց չեն վերաբերիր:

Ըստ մասնագէտներու, սակայն, պատժամիջոցները անուղղակի կ՛ազդեն հայաստանեան նշուած երկու դրամատուներուն  վրայ:

Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կը Քննադատէ
Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան
Յայտարարութիւնը

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը երէկ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան «ոչ յարիր» նկատեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան նախօրօք կատարած նախազգուշացումը, թէ` պատժամիջոցներու ենթարկուած ռուս պաշտօնեաներու եւ ընկերութիւններու հետ գործ ունենալու պարագային «վտանգներ կը յառաջանան»:

«Ռուսական ընկերութիւններու հետ յարաբերութիւններու դադրեցման կոչերը ցոյց կու տան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն կեղծաւոր յայտարարութիւնները` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման նպաստելու պատրաստակամութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններէն յստակօրէն կ՛ուրուագծուին առեւտրական-տնտեսական անբարեխիղճ մրցակցութեան տարրեր», մասնաւորապէս նշուած է Ռուսիոյ դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Աբրահամեան. «Արդէն Ունինք Տեսանելի Փոփոխութիւններ Օդանաւորդութեան Մարզին Մէջ»

Յաջորդը

«Արցախի Բախտը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն Կախեալ Չէ» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.