
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քարեն Հիլիարտը:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան, Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու համար: Վարչապետը նաեւ բարձր գնահատեց ամերիկեան կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ցուցաբերուած մասնագիտական աջակցութիւնը, որ մեծապէս օգնած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզին մէջ արմատական բարեփոխումներու իրականացման: Ըստ վարչապետին, այսօր արդէն ունինք տեսանելի փոփոխութիւններ այդ մարզին մէջ:
Դեսպան Հեֆըրն իր կարգին ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ նոր ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը: Այդ ծիրին մէջ, Քարեն Հիլիարտ մանրամասն ներկայացուց արդարադատութեան, տարածքային կառավարման, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մէջ իրագործուող ծրագիրներու ընթացքը եւ յառաջիկայ նախագիծերը:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:


