Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ստանձնած է 29 յուլիս 2014-ին Շեպաայէն առեւանգուած լիբանանցի հովիւ Իսմայէլ Խալիլ Նապաան:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Նապաան Ռաս Նաքուրայի մէջ ստանձնած է Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն:
Միւս կողմէ, բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց 6 սուրիացիներ, որոնք ուղղակի կապեր ունէին զինեալ խմբաւորումներու հետ: Ձերբակալեալ կասկածելիները յանձնուեցան զինուորական ոստիկանութեան:


