Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ երէկ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն մագլցողական քայլերը եւ պետական քննութիւններուն պոյքոթի ենթարկումը, մինչեւ որ պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացուի:
Ղարիպ ընդգծեց, որ իրենք ոչ մէկ կապ ունին յաւելումներու թղթածրարին վաւերացման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն հետ:
Ղարիպ հաստատեց, որ խորհրդակցութիւնները կ՛ընթանան լիբանանցիներուն իրաւունքները հարուածող միջոցներուն շուրջ եւ ոչ թէ դրամի կէտազգիներուն վրայ տուրքեր պարտադրելու:
Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ:
Հանդիպումէն ետք հաստատուեցաւ, որ պետական քննութիւններու սրբագրութեան պոյքոթը պիտի շարունակուի եւ կոչ ուղղուեցաւ մասնակցելու չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ին, Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին:


