«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի դադրեցման մասին կառավարութեան որոշումի նախագիծ մը կազմած է: Համապատասխան փաստաթուղթը տեղադրուած է իրաւական տեղեկատուութեան ներկայացման միացեալ կայքին վրայ:
Վրաստանի խորհրդարանը 18 յուլիսին նախաստորագրած է Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որուն կէտերուն մեծ մասը, ներառեալ` խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին մասին հատուածը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ:
Ինչպէս կը նշուի որոշումի փաստաթուղթին մէջ` Վրաստանի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի դադրեցումին շուրջ համաձայնած են ռուսական համապատասխան մարմինները` արտաքին գործոց նախարարութիւնը, տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը եւ արդարադատութեան նախարարութիւնը: Համաձայնագիրը ստորագրուած է 3 փետրուար 1994-ին:


