Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այսօր` ուրբաթ, 1 օգոստոսին, կը սկսի Լիբանանի պիչ-վոլիպոլի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 50 խումբերու:
Տղաքը` 35 խումբ, բաժնուած են 7 խմբակներու, իսկ աղջիկները (15 խումբ)` 4 խմբակներու:
Ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ «Պի. Վի. Պի.»-ի դաշտերուն վրայ (Նահր Իպրահիմ), պիտի տեւէ մինչեւ 10 օգոստոս:


