«Սփէյս» կայքը կը հաղորդէ, որ յուլիս 2015-ին մարդկութիւնը աւելի տեղեկութիւն պիտի ունենայ արեգակնային համակարգի ամէնէն առեղծուածային մոլորակներէն Պղուտոնի մասին:
ՆԱՍԱ-ի գիտնականները կը կարծեն, որ 2006-ին արձակուած «Նիւ Հորայզընզ» կոչուող տիեզերական սարքը յաջող կերպով պիտի հասնի Պղուտոն, որուն շուրջ առայժմ կարելի է միայն վարկածներ կառուցել:
Ատիկա պատմութեան մէջ առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ Պղուտոն: Մասնագէտները համոզուած են, որ ՆԱՍԱ-ն ինչ ալ տեսնէ, մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ: «Գիտական միաւորումին մէջ տարբեր վարկածներ շրջանառութեան մէջ դրուած են հաւանական օղակներու, մակերեսային ժայթքումներու եւ նոյնիսկ լիճերու մասին», նշած է ՆԱՍԱ-ի «Նիւ Ֆրոնթիրզ» ծրագիրով զբաղող գիտնական Ատրիանա Օքամփոն:
Երկրէն մինչեւ Պղուտոն հեռաւորութիւնը 5.87 միլիառ քիլոմեթր է, այդ պատճառով ալ մեկնող խումբի կազմին առնչուած բազմաթիւ հարցեր տակաւին անպատասխան կը մնան: Պղուտոնի արեւուն շուրջ պտոյտը շուրջ 248 տարի կը կազմէ, որուն պատճառով ալ բազմաթիւ երկրային աստղադիտակներու համար անհասանելի կը մնայ:


