ԼԱԽՏ
ՏԱՀԵՇ-ը իր մատուցած ծառայութեանց` առեւանգումներուն, հրապարակային քարկոծումներու, մտրակումներու, գլխատումներուն, ինչպէս նաեւ խաչելութիւններուն կողքին, նաեւ սկսած է զբաղիլ զբօսաշրջութեամբ: ՏԱՀԵՇ-ի դրօշներով զարդարուած փոխադրակառք մը շաբաթը երկու անգամ Սուրիոյ Ռաքքա եւ Իրաքի Անպար շրջաններուն միջեւ երթեւեկ կ՛ապահովէ: Օգտուելով այս առիթէն` Ռաքքայի շրջանէն ժիհատականներ մեղրալուսինի համար կը մեկնին Անպար:
Մինչ նորապսակները կը վայելեն Ռաքքայէն Անպար երկարող բնութեան «գեղեցիկ» տեսարանները, փոխադրակառքին մէջ հնչող ժիհատական երգերը կու գան ամբողջացնելու ռոմանթիք մթնոլորտը: Իտէալական մեղրալուսին մը, որուն միակ անպատեհութիւնը այն է, որ կիները կը նստին փոխադրակառքին ետեւի բաժինին մէջ, իսկ այր մարդիկ` առջեւի բաժինին մէջ: Դասաւորում մը, որ կը փարատէ ամէն մտավախութիւն, եւ նորահարսին մօտ կ՛ամրագրէ այն համոզումը, որ կնամեծար կողակիցին իր նկատմամբ սէր-յարգանքը Ռաքքա-Անպարի բնութեան նման պիտի ըլլայ «մշտադալար»:


