
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ եւ զանոնք կայուն խաղաղութեան փնտռտուքին «յետընթաց» նկատած է:
Անդրադառնալով լրագրողի այն նշումին, թէ սահմանին լարուածութեան այդպիսի աճի պայմաններուն մէջ տագնապի խաղաղ լուծումը կարելի՞ է, Ուորլիք պատասխանած է. «Միացեալ Նահանգներն ու Մինսքի խմբակը պատրաստ են օգնելու կողմերուն խաղաղ լուծում գտնելու հարցին մէջ: Զինուորական լուծում գոյութիւն չունի: Համանախագահները կը ցանկան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպիլ նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ` քննարկելու համար հետագայ քայլերը»:
Խօսելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները Փարիզ հրաւիրելու նախաձեռնութեան մասին, Ուորլիք նշած է, որ յոյս ունի, որ նախագահները պիտի ընդունին այդ հրաւէրը:
«Երբ նախագահները հանդիպած էին Վիեննայի մէջ, մենք տեսանք, որ յառաջընթացը կարելի էր: Մենք կը հաւատանք, որ քննարկումներու շարունակութիւնը կարեւոր յառաջընթաց պիտի արձանագրէ` ուղղուած խաղաղութեան հաստատման», ըսած է ան:
Ուորլիք նաեւ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի ֆրանսացի նոր համանախագահ Փիեռ Անտրիէն արդէն ստանձնած է լիազօրութիւնները:


