Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ռոն-Ալպի նահանգապետ Ժան-Ֆրանսուա Քարենսօ, Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Քոլոմպ, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Տանիէլ Շուզուիլ երկուշաբթի կատարեցին Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ լրատու միջոցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով` Նալբանդեան կարեւոր նկատեց ֆրանսական այս քաղաքին մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումը` ընդգծելով, որ Լիոն եւ Ռոն-Ալպի շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունին հայ – ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու եւ բազմաբովանդակ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ: Ան համոզում յայտնեց, որ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը` Նիքոլայ Սարգիսովի ղեկավարութեամբ, իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ հայ – ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ:
Ռոն-Ալպի նահանգապետը, Լիոնի քաղաքապետը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահը իրենց խօսքերուն մէջ բարձր գնահատեցին Լիոնի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը` վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա նոր որակ եւ թափ կը հաղորդէ հայ – ֆրանսական ապակեդրոնացած համագործակցութեան:
Խօսքերէն ետք Հայաստանի օրհներգի հնչիւններուն ներքեւ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, ապա Էդուարդ Նալբանդեան, Շարլ Ազնաւուր, Ժան-Ֆրանսուա Քարենսօ, Ժերար Քոլոմպ, Տանիէլ Շուզուիլ եւ Նիքոլայ Սարգիսով կտրեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:


