
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է. «Ոչ մէկ զինուորական սպառնալիք, երկրի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք չկայ այսօր»:
«Երաշխիքը աշխարհի վրայ ուժերու ռազմավարական հաւասարակշռութիւնն է», նշած է ան` Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին:
Փութին վստահեցուցած է, որ Ռուսիան «խստօրէն կը հետեւի միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ գործընկերներուն առջեւ ունեցած իր պարտաւորութիւններուն»:
Ռուսիոյ նախագահը յոյսով է, որ միւս պետութիւններն ալ հաշուի կ՛առնեն Ռուսիոյ ազգային շահերը, իսկ վիճելի հարցերը կը լուծուին իրաւական միջոցներով:
Խօսելով Ուքրանիոյ մասին` Փութին նշած է, որ իրավիճակի զարգացման դիպաշարը անընդունելի է, անարդիւնաւէտ եւ կ՛ապակայունացնէ աշխարհին իրավիճակը:
«Եթէ վերադառնանք նման տեսակի դիպաշարերուն, ապա ատիկա բացարձակապէս անընդունելի եւ անարդիւնաւէտ է: Ատիկա կը կործանէ ժամանակակից աշխարհը եւ կարգ ու կանոնը: Անկասկած, Ռուսիոյ նկատմամբ նման գործելաոճերը չեն անցնիր: Մեր մարդիկը, մեր քաղաքացիները ատիկա չեն արտօներ», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:


