Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` Տասներորդ Տարին Ըլլալով «Դէպի Երկիր» Գործուղումը Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

July 23, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս նախորդ հաղորդագրութեամբ նշած էինք, Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումը այս տարի տասներորդ տարին ըլլալով ընթացք առաւ Հայաստանի Կոտայք` «Կոտայքը իմ տունն է» եւ Արցախի Քաշաթաղ` «Քաշաթաղը իմ տունն է» շրջաններուն մէջ: Ճամբարները ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, որ կը բաղկանայ պատմական, ազգային, մշակութային եւ ընկերային բնոյթի աշխատանքներէ:

Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւան շրջանին մէջ մասնակցող պատանիներուն թիւը երէկ հասաւ 65-ի: Խումբը բաժնուած է երկու խմբակներու` «Պետօ» եւ «Կարօտ» (երկուքը ըլլալով Կոտայքի Պռօշեան գիւղէն): Մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ գիւղին մէջ, իսկ օրէ օր պատանիներուն թիւը կ՛աւելնայ: ԶՈՄ-ական ընկերներուն կողքին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի երիտասարդական միութենէն անդամներ` ներկայացումներու եւ այլ աշխատանքներու ընդմէջէն:

Չարենցաւան գիւղին մասնակցող պատանիներուն թիւը 98 էր մինչեւ երէկ` ճամբարի երկրորդ օրը: Երեք խումբի բաժնուած են անոնք, իսկ խումբերը կը կրեն Չարենցաւանէն զոհուած ազատամարտիկներու անունները` Արթուր Մամիկոնեան, Սարգիս Բադալեան, Ալեքսանդր Խաչատրեան: Պէտք է նշել, որ նահատակ ազատամարտիկ Արթուր Մամիկոնեանի ծնողքը այցելած է դպրոց եւ հանդիպած ԶՈՄ-ական ընկերներուն հետ: Պատանիները չափազանց ուրախ եւ խանդավառ են ճամբարով եւ ԶՈՄ-ական ընկերներու ներկայութեամբ:

Միւս կողմէ, Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ, «Քաշաթաղը իմ տունն է» խորագիրով ընթացք առած են երկու ճամբարներ, մէկը Կովսականի, իսկ միւսը` Բերձորի մէջ:

Բերձորի ճամբարին կը մասնակցին 40 պատանիներ: Պատանիները բաժնուած են երկու խումբերու` «Աշոտ Ղուլեան – Բեկոր» եւ «Պետրոս Ղեւոնդեան – Պետօ»: Գիւղին մթնոլորտը շատ խրախուսիչ է, ԶՈՄ-ական ընկերները օրական կ՛ունենան այցելուներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, որոնք կու գան հետաքրքրուելու եւ ԶՈՄ-ի ծրագիրին ծանօթանալու: ԶՈՄ-ականները այցելած են Բերձորի Երիտասարդական կեդրոնը` հիմնուած Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ:

Վերջապէս, Կովսական գիւղի «Թաթուլ Կրպէեան» դպրոցին մէջ մասնակցութեան թիւը մինչեւ օրս 62 պատանի է, որոնցմէ 15-ը սուրիահայեր են` ապաստանած Կովսականի մէջ: Ծրագիրը կ՛ընթանայ ինչպէս նախատեսուած էր` պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, երգ, պար, խաղեր: Խումբերը բաժնուած են երեքի` «Խանասոր», «Պանք Օթոման» եւ «Լիզպոն». անունները զատուած են` նկատի ունենալով դէպքերու թուականներու զուգադիպութիւնը ճամբարի թուականներուն հետ: Գիւղացիները շատ խանդավառ եւ ուրախ են ԶՈՄ-ականներու ներկայութեամբ, որոնք ամէն օր մէկ ընտանիքի տունը կը հրաւիրուին: Այս ճամբարները պիտի շարունակուին մինչեւ 3 օգոստոս:

 

Նախորդը

3 Սեպտեմբերին. Հայաստան – Լաթվիա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Եւ Անոր Տարածքին Ամբողջականութեան Այսօր Վտանգ Չի Սպառնար» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.