Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Հայրապետեան Կալանաւորուեցաւ

July 19, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1707Levon-HayrabedianՄոսկովեան դատարան մը որոշեց  կալանաւորել հայազգի մեծ գործարար եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Հայրապետեանը, որ ձերբակալուած էր 15 յուլիսին` դրամներու լուացման եւ իւրացման կասկածով:

Ըստ ռուսական «Նովոսթի» լրատու  գործակալութեան, դատարանը յայտնած է, որ Հայրապետեան, հանդիսանալով «Սոպեսետնիք» հրատարակչութեան ղեկավարներէն մէկը, կրնայ  զանգուածային լրատու միջոցներու խողովակով ճնշում բանեցնել նախաքննութեան վրայ եւ վարկաբեկել քննչական խումբին  գործողութիւնները:

Նաեւ նշուած է, որ գործարարը լաւ ծանօթ է ռուսական դատական եւ իրաւապահ համակարգին եւ «կրնայ օգտուիլ ատկէ` քրէական պատասխանատուութենէ խուսափելու համար»:

Դատարանը չէ ընդունած  Հայրապետեանը չկալանաւորելու հիմնաւորումները` կապուած անոր առողջական վիճակին:

Լեւոն Հայրապետեանի Եղբայրը Քաղաքական
Հաշուեյարդար Կը Նկատէ Անոր Ձերբակալութիւնը

Լեւոն Հայրապետեանէն  ոչ մէկ  տեղեկութիւն կայ, որովհետեւ կարելի չ՛ըլլար կապ հաստատել անձամբ անոր հետ: «Ազատութիւն» ռատիոկայանին հետ զրոյցին ընթացքին այս մասին ըսաւ Լեւոն Հայրապետեանին եղբայրը` Վլատիմիր Հայրապետեան:

Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ Լեւոն Հայրապետեանին պատկանող  շարք մը առեւտրական գործերու կառավարիչ Վլատիմիր Հայրապետեան, եղբօր ձերբակալութիւնը քաղաքական հաշուեյարդար նկատեց եւ ըսաւ, որ ճանչնալով եղբայրը, տարիներ շարունակ կառավարելով անոր  պատկանող գործերը, վստահ է` ռուսական լրատու միջոցներու մէջ եղբօրը վերագրուած բոլոր մեղադրանքները սուտ են:

«Զայն  հիմա ոչ մէկ  բանի կը ձգեն  մօտենալ: Ես նոյնիսկ, ճիշդը ըսելու համար, չհաւատացի, ըսի` թերեւս ուրիշ Լեւոն Հայրապետեան է, չհաւատացի, բայց երբ այդ յօդուածները կարդացի, ըսի` հարիւր տոկոսով ուղղակի եղբօրս հարցերը կը լուծեն. կա՛մ քաղաքական բան է, կա՛մ… Շատ կրթուած մարդ է, ինք ինչպէ՞ս կրնայ  գող ըլլալ: Ամբողջը սուտ է»,  յայտարարեց ձերբակալուած գործարարին  եղբայրը:

Ռուսական լրատու միջոցներու պնդումով` Լեւոն Հայրապետեան ձերբակալած են «Քինքիսեպսքի» մեծ յանցագործ խումբի գործի ծիրին մէջ: Այդ խումբին կը  կապուին աւելի քան 15 պատուիրուած սպանութիւններ եւ մահափորձեր, իբրեւ  խումբի  պարագլուխ կը նշուի Սէրկէյ Ֆինաքինը:

Ըստ իրաւապահներու, Հայրապետեան սպանութիւններուն հետ կապ չունի, սակայն «Պաշնեֆթ»-ի վաճառքի տնտեսական մեքենայականութիւնները կը հետաքննուին «Քինքիսեպսքի» գործի ծիրին մէջ, կը գրէ «Ռոսպալթ» լրատու գործակալութիւնը եւ կ՛աւելցնէ, որ Ռուսիոյ քննչական մարմինը դիմած է դատարան` գործարարը կալանաւորելու միջնորդութեամբ:

Այդ ամէնը ակնյայտ քաղաքական պատուէր է, կը պնդէ ձերբակալուած գործարարին եղբայրը` ըսելով, որ իր յաջողակ եղբայրը հարստանալու մոլուցքով չէր տառապեր եւ ունեցած միջոցներն ալ բացառապէս հայրենիքի զարգացման կ՛ուղղէր, եւ ասիկա ալ շատերուն ձեռնտու չէր:

«Եղբայրս քարիւղի այդ գործին գնաց, սկսաւ աշխատիլ, որպէսզի Ղարաբաղին օգնէ` միայն անոր  համար: […] Ինք կ՛ըսէ` «Ես կ՛ուզեմ, պէտք է աղքատ մեռնիմ, ինչ որ ունիմ-չունիմ` պէտք է տամ հայրենիքիս», նշեց Վլատիմիր Հայրապետեան:

Աբրահամեան. «Ամէն Ինչ Կը Ճշդուի, Եւ Լեւոն
Հայրապետեանը Ազատ Պիտի Արձակեն»

Ռուսիոյ հայոց միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յայտնեց, որ միութիւնը համոզուած է, որ Մոսկուայի մէջ օրեր առաջ ձերբակալուած, ապա կալանաւորուած հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեան յանցանք  չէ գործած:

«Բոլորս տեղեակ ենք առաջին վայրկեանէն: Անշուշտ, ատիկա լաւ լուր չէ, բայց մենք կը զբաղինք, մենք անմիջական կապ ունինք ե՛ւ քննչական մարմիններուն հետ, ե՛ւ փաստաբանին հետ», ըսաւ Աբրահամեան:

Խնդիրը, ըստ անոր, այն է, որ «ժամանակ կը պահանջուի, երկար ժամանակ պէտք է, որպէսզի պարզեն եղելութիւնը»:

«Մենք մեր կողմէ ըսած ենք եւ կ՛ըսենք, որ այդ մարդը կարելի չէ, որ մեղաւոր ըլլայ, կապուած ըլլայ մանաւանդ քրէական գործերու: Այդպիսի բան կարելի չէ, մենք իրեն կը հաւատանք, մենք գիտենք, որ ատիկա ժամանակաւոր թիւրիմացութիւն է, դժբախտութիւն է, որ պէտք է քիչ մը համբերութիւն: Ամէն բան կը ճշդուի, եւ Լեւոն Հայրապետեանը ազատ պիտի ձգեն», ըսաւ Ռուսիոյ հայոց միութեան նախագահը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յայտնի է, որ Լեւոն Հայրապետեան վատառողջ է` արդեօք ան բժիշկներու հսկողութեան տա՞կ է, Ռուսիոյ  հայոց միութեան ղեկավարը արձագանգեց. «Դուք գիտէք, որ երէկ դատարանը զինք երկու ամիս կալանքի տակ առաւ: Հիմա մեր կարելիութիւնն է, որ մենք կրնանք օգնել, մենք հիմա բոլոր փաստաթուղթերը կը հաւաքենք` ե՛ւ Ամերիկայէն, ե՛ւ բոլոր տեղերէն, որպէսզի երկուշաբթի այդ ամբողջ ծրարը, փաստաթուղթերը, մեր այդ բողոքը մենք  ներկայացնենք, որ այդ մարդը բժիշկի կարիք ունի, որ պէտք է զինք ժամանակաւորապէս  ձգեն տունը, որովհետեւ իրօք այդ այդպէս է»:

«Եւ ատոր զուգահեռ, ե՛ւ տարբեր մարդիկ, ե՛ւ մեր սրբազանը` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեան, եւ՛ Հայերու միութիւնը միջնորդութիւն գրած ենք, որպէսզի  զինք  ազատ արձակեն», ըսաւ Ռուսիոյ հայոց  միութեան նախագահը:

 

Նախորդը

Քարվաճառ. Ազրպէյճանական Ներթափանցման Հետքերով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ. Քննարկում` Սուրիահայերու Խնդիրներուն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.