
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ մինչեւ օգոստոս ամսուան կէսը նախագահի ընտրութիւն չկատարուի, ապա խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հաւանական պիտի դառնայ:
Պըրրի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաները իրենց ամսական աշխատավարձերը պիտի չստանան, եթէ խորհրդարանը այդ առումով օրէնսդրական նիստ մը չգումարէ եւ օրէնք մը չմշակէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է շրջանին մէջ տիրող պայմաններէն: «Ան ընդգծեց նաեւ իր լաւատեսութիւնը` ի տես Սուրիոյ արձանագրած յաղթանակներուն, յաջողութիւններուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խօսքին ընդմէջէն արտացոլացող խոր վերլուծումին», ըսաւ Ալի:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ համար Պաղեստինը կը մնայ հիմնահարց` աւելցնելով, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները ահաբեկչութիւն կը նկատուին եւ անոնք կը ֆինանսաւորուին միջազգային զանազան ուժերու կողմէ:


