
Վարչապետ Թամմամ Սալամ «Մաքասետ» բարեսիրական միութեան կազմակերպած իֆթարին առիթով յայտնեց, որ պաշտօնները եւ դիրքերը կու գան ու կ՛երթան, սակայն սկզբունքներն ու արժէքները կը մնան:
Ան հաստատեց, որ ինք պիտի ջանայ իրեն վստահուած պարտականութիւնը լիուլի կատարել` յաջողցնելու համար կառավարութեան առաքելութիւնը:
«Ես պատրաստ եմ շարունակելու իմ բոլոր պարտականութիւններուս ստանձնումը եւ իբրեւ այդպիսին բոլորէն կը պահանջեմ միասնական գտնուիլ եւ միասնաբար գործել», ըսաւ Սալամ:
Ան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած պահելու եւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:
Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սրիլանքայի դեսպան Ռանճիթ Ճոնարթնան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ դատախազ Սամիր Համմուտ:


