Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեանի Քառասունքին Առիթով. Մեծ Արժէքին Նուիրուած Յաւելուած

July 19, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0005a

https://www.aztagdaily.com/pdf/kragan/kragan.pdf

2006-էն մինչեւ իր մահը «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը պատիւն ու ուրախութիւնը ունեցաւ իր յարկին տակ վայելելու ներկայութիւնը վաստակաշատ ու մեծարժէք մտաւորական Պօղոս Սնապեանին, որուն խմբագրութեամբ լոյս տեսան ընթերցասէրներուն կողմէ անհամբեր սպասուած «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածները:

«Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր, հայ ժամանակակից գրաքննադատութեան եւ գրականագիտութեան տիտաններէն, անոր զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական, գրաքննադատ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն` Պօղոս Սնապեան քառասուն օրեր առաջ առյաւէտ հեռացաւ այս անցաւոր աշխարհէն` միանալու հայ ժողովուրդի`  յաւերժութեան մէջ ապրող մեծերուն:

Լիբանանահայ, սփիւռքահայ եւ Հայաստանի իրականութեան մէջ Պօղոս Սնապեան բացաւ իր ուրոյն ուղին, կերտեց գրական ու գաղափարական իր ուրոյն աշխարհը, որմէ ճաճանչող լոյսին շողերը հասան ո՛չ միայն իր շրջապատին, այլ նաեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափեր, մինչեւ Հայաստան:

Պօղոս Սնապեան սովորական անձնաւորութիւն չէր, ապագան ու անոր մահով ստեղծուած դատարկութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը կրկնակիօրէն պիտի հաստատեն այս մէկը: Ան մեր իրականութեան մէջ բացառիկ ու մեծ արժէք էր եւ պիտի շարունակէ մնալ` իր գրականութեան, աշխատութիւններուն եւ կերտած սերունդներուն ճամբով:

Պօղոս Սնապեանին մահուան օրէն մինչեւ քանի մը օր առաջ, անոր նուիրուած յօդուածներ, յուշագրութիւններ, մահագրութիւններ եւ ցաւակցագիրներ հասան խմբագրութեանս: Մեկնելով այն իրողութենէն, որ օրաթերթին էջերը նեղ պիտի գային այդ բոլորին, զանոնք ամփոփեցինք սոյն յաւելուածին մէջ` իբրեւ յարգանք Պօղոս Սնապեանի անմեռ յիշատակին:

 

Պօղոս Սնապեանի Իրաւութեան Յիշատակին.

Գրելու, Ստեղծագործելու
«
Մոլութեան» Անյագ Ուսուցիչը

Սնապեանն ալ բաժնուեցաւ մեզմէ:

Սուգի մէջ են աշխարհով մէկ ցրուած հարիւրաւոր աշակերտները երախտաշատ «Պարոն»-ին, որ դասագիրքերէ անդին` գրելու, ստեղծագործելու անյագ «մոլութիւնն» ու հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան պաշտամունքը ներարկեց բոլորին:

Սուգի մէջ են, նաեւ ու մանաւանդ, հազարաւոր ու հաւատարիմ ընթերցողները «Ես այդ շունն եմ» յայտարարութեամբ յիսուն տարի առաջ գրական աշխարհին մէջ յաղթական իր պատուանդանը նուաճած արձակագիրին, որ անկոխ ուղիներ բանալու եւ հարթելու կոչումով իմաստաւորեց կեանքն ու գործը` իր տաքուկ անկիւնը յարդարելով ընթերցողներու ներաշխարհին մէջ:

Պօղոս Սնապեան ոչ եւս է:

Անսպասելի չէր, պարզապէս յառաջացեալ տարիքի հետ եկող վատառողջութեան հետեւանք էր մահը ընդհանրապէս գրական մամուլի եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլի տասնամեակներու խմբագիրին:

Խմբագիր, որ ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութիւն «Բագին» գրական ամսագիրի եւ ՀՅԴ Լիբանանի օրկան «Ազդակ» օրաթերթի էջերէն աւելի քան կէս դար «արթուն պահակ»-ի նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնեցաւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան վերաթարմացման, այլեւ հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին եւ յեղափոխական շարժման աւանդներու վերանորոգման ոգորումներուն:

Մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացած է, ահա՛, իր ապրելու ժամանակը լիարժէք կենսագործած եւ իմաստաւորած գրողը, ուսուցիչը, խմբագիրը:

Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն արդէն յոգնածութիւնը ակներեւ դարձած էր ընկեր Պօղոսի դէմքին վրայ, նաեւ` շարժումներուն մէջ:

Իր կենսուրախութեան յագուրդ տուող անցաւոր մոլութիւններէն` ծխելու, խմելու եւ թղթախաղի հաճոյքներէն գրեթէ ոչինչ պահպանած էր:

Բայց ոչ մէկ ընկրկումի կամ նահանջի մատնած էր, ընդհակառակն` հասունացման եւ յղկումի առաջնորդած էր տունը, կինը եւ գիրքը ամենայն մոլեռանդութեամբ` պաշտամունքի արժանացնելու իր անյագ ծարաւը, ինքնաճանաչման ու կենսունակութեան իր անսպառ ներուժին վարար աղբիւրը:

Այդպէ՛ս, ժամանակը չկրցաւ շատ բան փոխել Պօղոս Սնապեանը յատկորոշող սէրերէն ու մոլութիւններէն, բայց խորապէս յղկեց զանոնք:

Մշակեց եւ բիւրեղացուց, մանաւա՛նդ, գիրքերու աշխարհին հետ կապուածութեան, որոշապէս գրելու-ստեղծագործելու «մոլութիւն»-ը, որ ծանրութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ Պօղոս Սնապեան արժանաւորին:

Արձակագիրի, գրականագէտի եւ խմբագիրի իր այդ «մոլութիւն»-ն էր, զոր Պօղոս Սնապեան վարակիչ դարձուց իր աշակերտներուն համար:

Իր անձնական օրինակով` կարդալու, գրելու եւ ստեղծագործելու վայելքը մշակեց բոլորիս մէջ:

Այո՛, ստեղծագործ ընթերցումի իսկական վայելքը սորվեցնող ուսուցիչը եղաւ Պօղոս Սնապեան:

Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են կարդալու Սնապեանի գրադարանէն առնուած գրական հատոր մը, վստահաբար գիտեն ու կրնան վկայել, որ անոր էջերուն անպայման պիտի հանդիպիք Պօղոս Սնապեան արձակագիրին, գրականագէտին եւ խմբագիրին մանրատառ ու խիտ ձեռագիրով լուսանցքի մէջ կատարուած ընդգծումներուն եւ արձանագրութիւններուն:

Սնապեանական նշումներ, որոնք թէ՛ ընթերցուած գործին գեղարուեստական արժանիքներուն կամ թերութեանց վերաբերեալ քննադատի տեսակէտ են, թէ՛ տուեալ հեղինակին ուրիշներէ կրած ազդեցութեանց (երբեմն նաեւ ընդօրինակումներու) մասին գրականագէտի յղումներ են, թէ՛ տուեալ գործին կամ հեղինակին գաղափարական ուղղութեան հանդէպ սեփական կողմնորոշման ընդգծումներ են:

Ինչպէս գրականագիտական իր դեգերումներուն ժամանակ, նոյնպէս եւ խմբագրական իր երկարամեայ աշխատանքներուն ընթացքին Պօղոս Սնապեան միշտ իրա՛ւ արժէքը վայելելու յափշտակութեամբ փարեցաւ իր գտած տաղանդաւոր գործին, նոյնիսկ եթէ սոսկ խոստմնալից նշոյլներու առկայութիւնը նկատէր…

Երբեմն բանաստեղծական քառեակի մը երկնած պատկերը եւ ներքին երաժշտութիւնը, կամ` պատմուածքի մը քանդակած հերոսը եւ շնչաւորած կեանքի առեղծուածը, կամ` թատերական արարի մը շղթայազերծած ներքին ապրումներու յորձանքը, եթէ իրաւ արժէքի սահմանը հատելու արժանիքը ունէին, անպայման Սնապեան պիտի հասցնէր իր ընթերցողներուն եւ աշակերտներուն, որպէսզի գրելու եւ ստեղծագործելու իրաւ վայելքով ջերմացնէր թէ՛ անձնապէս իր, եւ թէ ամբողջ շրջապատին առօրեան:

Այդպէ՛ս, գիրքերու աշխարհը պեղելով եւ գտած արժէքաւորն ու իրաւը վայելքի վերածելով ու մոլեռանդօրէն պաշտամունքի արժանացնելով` Պօղոս Սնապեան ամբողջ կեանք մը ամէնօրեայ մտերիմն ու խօսակիցը եղաւ բոլորիս, 1950-ականներու սկիզբէն, Անդրանիկ Ծառուկեանի անզուգական «Նայիրի»-ի հրատարակութեան առաջին իսկ շրջանէն:

Օրեր առաջ մեզմէ բաժնուած Արժանաւորի մը` արձակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի ընդհանուր դիմագծումն ու գնահատականը կատարող մահագրութենէ մը անդին` սրտի խօսք է այս վկայութիւնը:

Վկայութիւն, որ խարսխուած է ուսուցիչի եւ աշակերտի կապով ու մտերմութեամբ սկսած, ապա` «Ազդակ»-ի յարկին տակ խմբագիրի եւ օգնականի սերտ գործակցութեամբ զարգացած, այնուհետեւ` դաշնակցական մամուլի ընտանիքին մէջ երկարամեայ պաշտօնակցութեամբ խորացած 46-ամեայ հարազատութեան վրայ:

Պօղոս Սնապեան կաղապարման չենթարկուող եւ ամէն կարգի կաղապարումները մերժող, աւելի՛ն. ամէն կարգի համակերպումներու եւ կաշկանդումներու դէմ ըմբոստացող մարդ էր` թէ՛ իբրեւ քաղաքացի, թէ՛ իբրեւ մտաւորական:

Եթէ ըմբոստ իր նկարագիրին վրայ գումարենք նաեւ դժուարահաճ ու խստապահանջ իր խառնուածքը, արդէն պարզ ու ընկալելի կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ Պօղոս Սնապեան ընդունուած արժէքներու եւ գործող սկզբունքներու հետ անհաշտ հակադրութեան մէջ ապրեցաւ իր կեանքի ամբողջ ժամանակը:

Իրաւութեան որոնումը միշտ ծայրայեղական դիրքերու վրայ դրաւ Պօղոս Սնապեանին:

Գրականութեան մէջ բնաւ չկրցաւ սանձ դնել ինչպէս իր անվերապահ պաշտամունքին, այնպէս ալ իր անխնայ քննադատութեան: Որքան աստուածացուց Յակոբ Օշականի, Ուիլիըմ Սարոյեանի կամ Պարոյր Սեւակի իրաւութեամբ տաղանդները, այնքան անսանձ հարուածեց Աւետիք Իսահակեանի կամ Կոստան Զարեանի հեղինակութեամբ արժէքները:

Նոյնը եւ Դաշնակցութեան մէջ:

Պօղոս Սնապեան եղաւ ու մնաց հաւատաւոր ու հաւատարիմ դաշնակցական, դաշնակցական աւանդներու պահապան «այդ շունը» ըլլալու հպարտութեամբ քալեց կազմակերպական մեր կեանքին մէջ, բայց երբեք տանտէր չզգաց կուսակցական նուիրապետութեան մէջ, մարմիններու մէջ իր տեղը չփնտռեց, այլ ընդհակառակն` իրա՛ւ արժէքներէն դուրս ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ընդունեց եւ, մանաւանդ, մերժեց գլուխ ծռել քուէի ուժով կամ բռնացումով հաստատուած որեւէ կուռքի առջեւ, ղեկավարութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ ըլլար անիկա:

Բայց թէ՛ գրականութեան, թէ՛ հասարակական կեանքի մէջ, իրաւ արժէքներուն երկրպագելու միեւնոյն հեթանոսական ջերմեռանդութեամբ, Պօղոս Սնապեան միշտ իր հոգիին մէջ անեղծ պահեց բագինը ինքնանուիրման` կարդալու եւ գրելու, սորվելու եւ սորվեցնելու, գիրքերու աշխարհը անյագ վայելքի աղբիւր դարձնելու ամենայն մոլութեամբ:

Արդէն իջած է կեանքի վարագոյրը եւ Պօղոս Սնապեան անդարձ հեռացած է մեզմէ:

Կ՛ապրի մեր յիշողութեան, մանաւա՛նդ իր կտակած գրական հարուստ ժառանգութեան մէջ:

Իսկ եթէ անծանօթ ընթերցողը կ՛ուզէ կարդալ կամ հաղորդակցիլ գրելու եւ ստեղծագործելու «մոլութիւն»-ը գերագոյն վայելքի վերածած հեղինակի մը հետ, անպայման կրնայ դիմել Պօղոս Սնապեանի գրիչին, որ իրա՛ւ արժէքներու պաշտամունքով ազնուացուց մեր կեանքն ու ներաշխարհը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

26 յունիս, 2014

 

Պօղոս Սնապեանի Յուղարկաւորութեան Առիթով
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի
Արտասանած Խօսքը

Չէ պատահած, որ իր կեանքի ընթացքին Պօղոս Սնապեան իր անմիջական շրջանակը յուսախաբ ընէ: Իր մահով ատիկա պատահեցաւ անկասկած: Վարժուեր էինք իր պարբերական հիւանդանոցային արշաւներուն, որոնք միշտ ալ ուրախ եզրափակում կ՛ունենային: Վերջին անգամ «այս անգամ լուրջ է. մէջէն չ՛ելլեր» ըսին. սակայն ամէ՛ն անգամուն այդպէս ըսեր էին անանուն տեղեկատուները: Այս անգամ իրաւունք ունեցան. այս անգամ լուրջ էր: Բնութեան օրէնքով` օր մըն ալ լուրջ պիտի ըլլար, հարկաւ:

Իսկ այդ ե՞րբ է, որ լուրջ չէ եղած Պօղոս Սնապեան: Ինչպէ՞ս կրնար կեանքը լուրջի չառնել մանկութեան իսկ տարագրութիւն տեսած, հազարումէկ դժուարութիւններով դպրոց յաճախած, հայութեան եւ անոր հարցերով տեւապէս տառապած եւ այդ տուեալներով կուսակցական դառնալով` ինքզինք յանձնառու ծառայութեան մէջ նետած Պօղոս Սնապեան անհատը:

Անհատ եւ կուսակցութիւն. մէկ կողմէ ուժեղ անհատականութիւն, միւս կողմէն` հաւաքական կամքի բիւրեղացած տարազում. մէկ կողմէ ըմբոստ նկարագիր, միւս կողմէն` երկաթեայ կարգապահութիւն պահանջող կազմակերպական կառոյց: Այս զոյգերուն միջեւ համերաշխ գոյակցութիւն ստեղծելը չափազանց դժուար բան է, չըսելու համար` անյոյս նախաձեռնութիւն: Կարճ ժամանակի համար` թերեւս կարելի. սակայն ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան համար նախատեսելի ձախողութեան երաշխիքը առկայ է: Պօղոս Սնապեան կրցաւ յաջող անցընել կեանքի այդ քննութիւնը: Իսկ ատոր պատճառը շատ պարզ է. պարզ ու հասկնալի` իր անձի ու իր խօսքի պարզութեան նման: Ան իր կուսակցութեան գաղափարաբանութեան ծնունդն էր եւ ամէն քայլափոխին անոր հարազատ արտայայտիչը. ո՛չ բռնազբօսիկ տրամաբանութեամբ, ո՛չ ալ արուեստական ու պոռոտախօս աւելորդ ուռուցաբանութեամբ: Իրեն համար չկար պարտադրանք: Կուսակցութեան կամքն ու իրը բնական ձեւով ամբողջութիւն մը կը կազմէին. երբեք հակասութիւն չէ եղած երկուքին միջեւ, նոյնիսկ`  հայութեան կեանքը յուզող ամէնէն տագնապալի ժամանակահատուածներուն մէջ: Ան նկարագրով չափազանց ըմբոստ էր, սակայն ինք միաժամանակ ինքնադրժումի սահմանին հասնելու աստիճան ինքնազսպիչ կարգապահութեան խորունկ գիտակցութեան տէր մարդ էր: Երբ կեղծիք չկայ, իսկ Պօղոս Սնապեանի պարագային ատիկա ի յառաջագունէ բացառուած էր, այսպիսի վիճակ մը անհատի  ներքին կայուն ու ամուր հաւասարակշռութիւնը կ՛արտացոլացնէ: Ասիկա ցոյց կու տար նաեւ իր դէմքի մնայուն արտայայտութիւնը, որ ներքին հանդարտութիւն կը մատնէր, նոյնիսկ այնպիսի ժամանակներու, երբ շրջապատը աւելի քան ալեկոծ էր:

Այս իրողութեան յատուկ արժէքը աւելի ցցուն կերպով կը ներկայանայ մեզի, եթէ նկատի ունենանք մանաւանդ, որ Պօղոս Սնապեան գաղափարական ու մտաւորական բուռն պայքարի մարդը մնաց իր կեանքի մինչեւ վերջին վայրկեանը: Ան երբեք չէ ներած սխալը, անպարկեշտութիւնը, ոճիրը, դաւն ու դաւադրութիւնը, ապազգայինը, ազատութեան կաշկանդումը, անտեղի բռնութիւնը եւ ամէն ինչ, որ հակասութեան մէջ կ՛իյնար իր էութեան կեդրոնական մասնիկը հանդիսացող  գաղափարաբանութեան հետ:Ան անտեղիտալի հետեւողականութեամբ պայքարեցաւ ամէն տեսակի սուտի եւ կեղծիքի դէմ` ընթերցող հասարակութեան մէջ տարածելով իր հայեցողութեամբ ճիշդն ու ճշմարիտը: Ճիշդ է, որ ճշմարտութեան պաշտպանութիւնը ո՛չ միայն հաճելի, գոհացնող, կատարողին ինքնասիրութիւնը շոյող եւ զայն ուժեղացնող զբաղում է. բայց միաժամանակ հակառակորդ ու թշնամի արտադրող ու զանոնք ծառացնող գործ է: Զինք յատկանշող բծախնդրութեամբ իր բոլոր կարծիքները, ներառեալ` ժխտականները, համարձակօրէն հրապարակելու, միայն իր հայեցողութեամբ տաղանդաւորը քաջալերելու ասպարէզային իրաւունքի գործադրութեան իրողութիւնը իր դէմ կը ցցէր դժգոհներու փաղանգներ, որոնք իրենք զիրենք անիրաւուած կը զգային Պօղոս Սնապեանի սուր գրիչէն: Ունէր նաեւ իր սխալը ընդունելու պարկեշտութիւնը, երբ համոզուէր, որ այդպէս է: Ան անխնայ էր մանաւանդ այն անհատներուն եւ երեւոյթներուն հանդէպ, որոնց հասցուցած ազգային վնասին մասին համոզում կայացուցած էր: Այս իմաստով, իր արտադրած գրական, գրաքննադատական ու հրապարակագրական գործը կարեւոր չափով ընկերային ու ազգային-քաղաքական յստակ դրոշմ կը կրէ: Հեղինակը հեռու էր առօրեայ գործնական քաղաքականութենէն, սակայն իր մտաւոր աշխատանքի արգասիքին առիւծի բաժինը ազգային գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած քաղաքական գրականութիւն է:

Գրականութիւն, որ իր կողմէ արտադրուեցաւ, խմբագրուեցաւ, սրբագրուեցաւ, ներկայացուեցաւ, եւ ուրիշներու կողմէ քննադատուեցաւ, գովերգուեցաւ ու ձաղկուեցաւ տասնամեակներ շարունակ` անդադար: Իր գործը արդիւնքն էր այն նկարագրին, որ կազմաւորուած ու հասունցած էր իր պաշտած անզուգական ուսուցիչին` Յակոբ Օշականի շուքով, շունչով ու խօսքով: Շունչ ու խօսք, որոնք Պօղոս Սնապեանին կողմէ հարազատօրէն փոխանցուեցան իրեն յաջորդող սերունդին: Անկախ իր արտադրած գործի տեսակէն, որակէն, հասարակութեան կողմէ այդ գործին ընկալումէն, առաջին հերթին մեզ կը տպաւորէ անոր քանակը: Տեսակն ու որակը մասնագէտներու կողմէ ուսումնասիրուած կամ դեռ ուսումնասիրելի նիւթեր են, սակայն քանակը արդէն տեսանելի է. տասնեակներով իր կողմէ գրուած կամ գոնէ խմբագրուած հատորներ` անկախ «Բագին»-ներու աւելի քան քառասնամեայ բծախնդիր խմբագրութենէն:

Արդարեւ, ամէնօրեայ կանոնաւոր աշխատանքը իր հիմնական հաճոյքն էր: Երբ տարիքի բերումով «Բագին»-ի իր աշխատանքը կանգ պիտի առնէր, կարծուեցաւ, թէ Պօղոս Սնապեան այլեւս այլ` աւելի թեթեւ հաճոյքներով պիտի անցընէ իր ժամանակը: Մէկ բան խնդրեց միայն մեկնումի պահուն. սենեակի մը մէջ անկիւն մը` աթոռով ու սեղանով: Ատոնք իրեն տրամադրուեցան, եւ ան սկսաւ նորէ՛ն աշխատիլ. աւելի մեծ կիրքով, քան` ատկէ առաջ: Հատորները, նորերն ու վերատպումները յաջորդեցին իրարու` անդին մղելով մերթ ընդ մերթ իր ներկայութիւնը զգացնող տիեզերական դարանակալը: Տարագրութեան մէջ ապրող ամէն հայ մտաւորականի նման, իր աշխատանքին համար ստացաւ քիչ, բայց փոխարէնը տուաւ անսահմանօրէն, անհունօրէն. բոլորին համար եւ ժամանակին դիմացող մնայուն ու վերջնական ձեւի մը մէջ: Շնորհակալ ու երախտապարտ ենք իրեն:

Մեր օրերուն, երբ ըլլա՛յ հայրենիքի, ըլլա՛յ սփիւռքի մէջ ականատես կ՛ըլլանք յանձնառու մտաւորականներու թուական վտանգաւոր անկումին, աւելի եւս պիտի ափսոսանք Պօղոս Սնապեանին նման մարդոց ֆիզիքական յաւիտենական բացակայութիւնը:

Դաշնակցութեան Բիւրոյի անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իր ընտանիքի անդամներուն, բոլոր հարազատներուն, իրմով իրաւացիօրէն հպարտ համագիւղացիներուն, բարեկամներուն. բոլորի՛ն: Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ նաեւ ու մանաւանդ իր գրագէտ ու գրասէր հակառակորդներուն, որոնց հետ յաճախ հրապարակային վէճի բռնուած է ան` շատ անգամ զիրենք վշտացնելով, երբեմն ալ` վշտանալով անոնցմէ. անոնք նոյնպէս պիտի զգան անոր ուղղութիւն ցոյց տուող կամ ուղղութիւն սրբագրել փորձող խօսքին ու դիտողութեան պակասը:

Յարգա՜նք իր յիշատակին:

Պուրճ Համուտ, 20 Յունիս 2014

 

Պօղոս Սնապեանի Յուղարկաւորութեան
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Անունով
Տիգրան Ճինպաշեանի Արտասանած Խօսքը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Եղեռնի վաւերական վկաներէն մէկը կը հեռանայ կեանքէն: Ճիշդ է, որ Պօղոս Սնապեան ծնած էր 1927-ին Մուսա Լերան ժողովուրդին առաջին տարագրութենէն ետք հայրենիք վերադարձած ծնողներէ, սակայն ան 12-ամեայ գիտակից պատանի մըն էր, երբ Մուսա Լերան ժողովուրդը երկրորդ անգամ տարագրուեցաւ ու վերջապէս հաստատուեցաւ, մեծամասնաբար, Այնճարի տափաստանային տարածքներուն վրայ: Երկրորդ այս տարագրութիւնը առաջինին ամբողջացումն էր, քանի որ ճամբու տեւողութեան ու մանաւանդ Այնճարի ամայի տարածքին վրայ մահը հնձեց հարիւրաւոր մուսալեռցիներու կեանքը:

Շարունակուող Եղեռնին ու վերապրումի համար դաժան պայքարին վկան եղաւ պատանի Պօղոս Սնապեանը ու հետագային հանդիսացաւ իր ժողովուրդի գողգոթային լաւագոյն վաւերագրողներէն մէկը:

Վերապրումի բաղձանքն էր ու ճակատագրէն վրէժ լուծելու կամքն էր, որոնք Պօղոս Սնապեանին նկարագիրը կերտեցին` զայն դարձնելով անդադար որոնող, անդադար փնտռող ու աննահանջ պայքարող անհատ մը, որ պատանութեան օրերէն սկսեալ մտաւորական ասպարէզը ընտրեց իբրեւ կռուադաշտ ու դարձաւ ճշմարիտի ու վաւերականի փոքրաթիւ բանակին յառաջապահ զինուորը:

Ճշմարտութեան ու վաւերականի փնտռտուքը, կ՛ըսեն, որ սաղիմական իր աշակերտութեան օրերուն ան սորված էր նկարագիրներ կերտող այլ քուրմէ մը` Յակոբ Օշականէն: Օշականի ազդեցութիւնը ակներեւ է նաեւ այն կիրքին մէջ, որով Սնապեան անյոգնում պայքարի ճակատ հարթարեց ազգային ինքնութիւնը, հայկականութեան էութեան խորաթափանց ըմբռնումն ու քաղաքակրթական ու մշակութային համաշխարհային համաստեղութեան մէջ` մերինին, հարազատին պատուաբեր տեղը բնորոշելու, պատուելու ու շեփորելու համար:

Կիրքը: Աներեր հաւատքի վրայ հիմնուած խանդավառ աշխատանքը, որոնումով յայտնաբերածը տարածելու, գիւտը հրապարակելու իր եղանակը միշտ կրքոտ եղաւ, երբեմն նոյնիսկ կռուարար: Նենգութեան, փոքրոգութեան, խաբեբայութեան եւ ուրացումի բազում դրսեւորումներուն դէմ, իր ապրած ժամանակին` երիտասարդութեան ու հասունութեան տարիներուն այնքան տարածուած խարդաւանքներուն դէմ պայքարը, յանուն ճշմարտութեան կռիւը, ճիշդն ու վաւերականը հրապարակելու տենդը առանց կիրքի չէին կրնար ըլլալ: Պայքարի տարիներ էին հայ կեանքի մէջ, խորհրդային կարգերով հայ ազգին բոլոր իրաւունքները գոհացած տեսնելու մոլութիւնը ճշմարտութեան դրօշի վերածողները կ՛աղմկէին հրապարակի վրայ, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը դրժողները հաւատուրացներու մոլութեամբ կը շրջէին ու կ՛ապականէին Հայաստանի թէ արտերկրի ազգային կեանքը:

Մտաւորական պարկեշտութիւնը կը պարտադրէր արթուն պահակ դառնալ ու պահպանել «տիրոջը այգին»: Աւելի քան վաթսուն տարի Պօղոս Սնապեան խմբագիրին եւ հրապարակախօսին գրիչը դատապարտեց պարսաւը ու հռչակեց ամբողջական հայութեան ու ամբողջական Հայաստանին առհաւական արժէքները ու մեր ժառանգած յաւիտենական հարստութիւնը:

Քաղաքական բնոյթի ազգային հարցերու մասին հրապարակագրութիւնը գրեթէ միշտ իբրեւ սկզբնաղբիւր ունէր Հայաստանի ու սփիւռքի գրական արտադրանքը: Բացառիկ յիշողութեան տէր մտաւորականը, մանաւանդ հայկական գրական ողջ արտադրութեան գիտակ հմուտ գրականագէտը մանրադէտը աչքին փնտռեց ու գտաւ անճիշդը, խեղաթիւրումը, կէս ճշմարտութիւնը ու անվարան խարանեց զանոնք: Բայց նաեւ մատուցեց լաւն ու արդարը, տաղանդաւորն ու գլուխ գործոցը: Յակոբ Օշական` անշո՛ւշտ, բայց նաեւ` Վազգէն Շուշանեան, Ահարոն Տատուրեան, Նիկողոս Սարաֆեան եւ շատ ուրիշներ: Հայաստանեան գրականութիւնը մնաց միշտ իր ուշադրութեան կիզակէտին ու գրականութեան ազգային ջիղը յաւերժացնող գրողները, արձակագիր թէ քերթուածագիր, չվրիպեցան իր ուշադրութենէն: Իր խմբագրած ու լոյսին բերած հատորները ամբողջ գրադարան մը կը լեցնեն ու սփիւռքի մէջ ստեղծագործող քանի մը սերունդի հոգեւոր սնունդ հայթայթած են:

Պօղոս Սնապեան փնտռուած, յարգուած, բայց նաեւ երկիւղ ներշնչող անուն մը դարձաւ Հայաստանի մտաւորական միջավայրին մէջ: Իր ակնարկներով եւ նշմարներով կատարած բացայայտումները անծանօթ չէին հայրենի մտաւորականութեան, որ ինչպէս յայտնի դարձաւ անկախութենէն ետք, ուշի ուշով եւ գոհունակութեամբ հետեւած էր Սնապեանի գրական հրապարագրութեան:

Պօղոս Սնապեանի զուտ գրական վաստակը պատկառելի է. պատմուածքները, վիպակները, վէպերն ու յուշագրական հատորները վերջին տասնամեակին իրարու յաջորդեցին երբեմն տարեկան քանի մը գիրքի կշռոյթով, ու կը թուի, որ նոյնքան մըն ալ հրատարակութեան պատրաստ հատորներ կան: Յառաջացած տարիքին այսքան առատ արտադրութիւնը, այսքան անխոնջ աշխատասիրութիւնը ցուցանիշ էր, որ Պօղոս Սնապեան շատ ըսելիք ունէր ու կ՛աճապարէր կուտակուածը խմբագրելու ու հրապարակելու:

Պօղոս Սնապեան նաեւ ուսուցիչ էր: Սկսած նախակրթարանի ուսուցչութեամբ, հետագային ան հայ գրականութիւն դասաւանդեց Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, բայց մանաւանդ մեծ եղաւ իր ներդրումը Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս, որուն ուսանողներէն շատեր, իրենց ուսուցչին հետեւողութեամբ, ընդգրկեցին հրապարակագրական, խմբագրական ու ուսուցչական ասպարէզները:

Պօղոս Սնապեանի անհետացումով կարծէք 20-րդ դարու 60-ական թուականներէն սկսած ազգային աշխուժ ժամանակաշրջան մը կը փակուի: Բազմաթիւ նոր դպրոցներու բացում, հին թերթերու յաւելեալ ուռճացում, նոր թերթերու բազմացում, մշակութային բեղուն գործունէութիւն, հասարակական բուռն եւ աշխուժ կեանք` վաթսունականներուն ստեղծեցին սփիւռքեան հզօր զարթօնքի շարժում մը, որ Լիբանանէն սկիզբ առնելով` տարածուեցաւ ամբողջ գաղթաշխարհի տարածքին ու նոյնիսկ` գէթ ենթակայական ազդեցութիւն ունեցաւ Հայաստանի ազգային առողջ մտածողութեան տէր հասարակութեան վրայ: Պօղոս Սնապեան անտարակոյս դարբիններէն մէկն է, գլխաւոր կազմակերպիչներէն է Ցեղասպանութենէն վերապրած նոր սերունդի զարթօնքին, որ հայ ազգին ու անոր հայրենիքին իրաւունքներուն պաշտպանութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի յաւերժացման հանգանակը առաջադրանք դարձուց:

Ինք, իր օրինակելի ուսուցչին բնորոշմամբ գիրի գործաւոր մըն էր, մտաւորական բանուոր մը, որ ամէն օր տքնաջան աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով մարդոց համար ապրուստ ու հարստութիւն կը ստեղծէ: Այս պարագային` ոգեկան ապրուստ ու մշակութային հարստութիւն:

Քանի մը տարի առաջ, ի պատիւ իրեն կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին արդէն պատկառելի տարիք թեւակոխած Պօղոս Սնապեանին մաղթած էի, որ ան շարունակէ տակաւին երկար հաջել, նման այն շան, որ իր յուշագրական վիպակներէն մէկուն ընդմէջէն կը հաջէր, երբ հայերէն խօսք կը լսէր Ֆրանսայի կորսուած մէկ անկիւնը:

«Ես այդ շունն եմ» վերնագրած էր Պօղոս Սնապեան իր այդ վիպակը:

Հայ դպրութեան շքեղ դարպասին առջեւ արթուն պահակի յանձնառութիւնը կամաւորապէս իրեն վերապահած, կրքոտ ու վախազդու գամփռը եղաւ Պօղոս Սնապեան:

Մարդ սահմանուած է անպայման օր մը լռելու, որքան ալ բարձր խօսած ըլլայ իր շնչաւոր գոյութեան ընթացքին: Պօղոս Սնապեան կը գոռար մինչեւ տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ: Ահա ան լռած է կեանքի անյեղլի օրէնքով:

Պահակը խոնարհած է, սակայն հաջոցը մեր ականջներուն մէջն է ու պիտի շարունակէ արձագանգել հայաշխարհի ողջ տարածքին, հորիզոնէ հորիզոն, անդադար յիշեցնելով հայկականին, ազգայինին առաջնահերթութիւնը, յանձնառութեան հաւատարմութիւնը, աշխատանքին անփոխարինելիութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:

Թող երկար տեւէ արձագանգը ու միշտ լոյս իջնէ Պօղոս Սնապեանի գերեզմանին:

Պօղոս Սնապեան
Մարդն Ու Ստեղծագործողը

0617SNABIAN-MARIEROSEԻւրաքանչիւրս մեր երկարատեւ հնչող, բայց իրականում կարճ թուացող կեանքի ընթացքին աշխատում ենք լաւ բարեկամներ ձեռք բերել, պահպանել ու վայելել այդ կապը, հնարաւորին չափ իրար օգտակար դառնալ եւ միշտ ներքուստ մեզ հարստացած ենք զգում հաստատուն բարեկամութեամբ շրջապատուած:  Իրապէս դժուար է լաւ ու անկեղծ, անշահախնդիր բարեկամ գտնելը, առաւել դժուար` այն կորցնելը:

Այսօր ինձ պէս շատերի համար այդ ծանր կորուստի պահն է, քանի որ այսօր կեանքից հեռացաւ մեր հաւատարիմ բարեկամներից Պօղոս Սնապեանը:

Այս պահին մտածում եմ ինչպէս ներկայացնել մի անձի, որի հետ երկար տարիների անշահախնդիր բարեկամութիւն եմ հաստատել, որը միաժամանակ միայն բարեկամ չէ, այլ հասարակական դէմք` գրող, քննադատ, խմբագիր, ազգային գործիչ, կուսակցական, հրաշալի ամուսին, ջերմեռանդ հայր ու մեծ հայր:  Ուրեմն շատերը պիտի գրեն իր մասին եւ բազմազան կողմերով պիտի ներկայանայ Սնապեան անհատը, գրողն ու քննադատը, հայրենասէրն ու քաղաքացին, որով եւ աւելի է շեշտուելու իր

կորստի խորութիւնը:

Իսկ եթէ այս բոլորին աւելացնենք նաեւ ծնունդով մուսալեռցու եւ այժմեան այնճարցու իր հանգամանքը, կորուստը աւելի պատմական է դառնում, իւրաքանչիւր այսպիսի անձի կորստով նաեւ պատմութեան մի պատառ ենք կորցնում:

Իր կեցուածքով ու բնաւորութեամբ պարզ ու համեստ, բայց գրչով դիպուկ ու անաչառ, Սնապեան ազգանունը շատ արագ իր տեղն ու դիրքը գտաւ հայ գրական դժուարին աշխարհում: Արդեօք հանճարեղ Օշականին աշակերտե՞լը իր մէջ արմատացրեց գրական հարցերին շիտակ ու սուր մօտենալու կարողութիւնը, թէ՞ պիթիասցու ծնունդ լինելը:

Ծնուած ու մեծացած լինելով պայքարի ելած մուսալեռցու ընտանիքում, ամենադժուար տարիներին` 1927-ին, երբ հերոս մուսալեռցիները հայրենի հողի մոլեռանդ կարօտով, մոռացած ոչ շատ առաջ կրած մահն ու զրկանքները, վերադարձան իրենց յօշոտուած, դատարկուած հայրենի հողը` Մուսա լեռ: Անասելի չքաւորութեան ու դժնդակ պայմաններում հազիւ ոտքի կանգնած, երկրորդ անգամ հայրենի հողից ստիպողաբար հեռացան ու լիբանանեան բարձունքում` Այնճարում, նորանոր դժուարութիւններով նոր բոյն ու հարազատ երկիր ստեղծելով, շարունակեցին իրենց պապենական մուսալեռցու ջիղով ապրել: Այս խմորումներով մեծացած, մանուկ հասակից կեանքի դժուարութեան մէջ թրծուած, բայց իր ծննդավայր Պիթիասի գեղեցկութիւնը, ամրութիւնը իր արեան մէջ ներծծած պատանի Պօղոսը, այդ ամէնը պիտի փոխադրէր գրականութիւն, իրեն պիտի դարձնէր յամառ ու անընկճելի, օժտէր մեծ աշխատասիրութեամբ ու նոյնքան մեծ բարութեամբ: «Նորէն քիչ մը մեռանք, նորէն ճամբայ ելանք, կայք հաստատեցինք ուրիշ տեղ, ապրեցանք հազար տագնապ, նոր վէրքերով մոռցանք հին վէրքերը. . .»: Այսպէս պիտի գրէր նա աւելի ուշ իր պատմուածքներից մէկում:

Կեանքի այդ աննկարագրելի դժուարին պայմաններում պատանի Պօղոսը Այնճարի Յառաջ վարժարանը աւարտելուց յետոյ ղրկւում է Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց»-ի դասընթացներին` աշակերտելով մեծագոյն գրող եւ ուսուցիչ` Յակոբ Օշականին: Այստեղ է, որ նա ընտրում է իր կեանքի ուղին` գրականութիւնը, յատկապէս, երբ դժուարահաճ Օշականը գնահատում է իր շարադրելու, վերլուծելու, գրելու կարողութիւնը: Օշականի հետ շփումը դառնում է ճակատագրական եւ միեւնոյն ժամանակ օրհնութիւն իր անցնելիք հետագայ գրական երկարատեւ ճանապարհին: Նա դառնում է այն երջանիկներից, որոնք գրի էին առնում հիւանդ Օշականի գործերի թելադրութիւնը, ականատեսը լինելով նրա յախուռն ստեղծագործական արարումի պոռթկումին:  Պատահական չէ, որ մեծ գրողի մահից յետոյ, նրա ընտանիքը Սնապեանին է իրաւունք տալիս արձանագրելու վանքի սենեակում գտնուող նրա ձեռագրերի ցանկը:

Այդ ձեռագրերի հետ շփո՞ւմն էր արդեօք, թէ Օշականի հզօր ուժը, որ Սնապեանին դարձրեց Օշականը կենդանացնող ու նոր սերունդին յանձնող, նրա` իր գրքերը հրատարակուած տեսնելու իղձը իրականացնող անձը, գրագէտը:

1950-ին հաստատւում է Պէյրութում, մոլեռանդօրէն գրականութեան նուիրւում:

Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ ինչ դժուարութիւնից էր անցնելու հայ գրականութեան այս նուիրեալը:  Սակայն, մուսալեռցու յամառութիւնը նրան առաջնորդում է դառնալ մի շարք արժէքաւոր, սփիւռքահայ կեանքը ձեւաւորած մամուլի պատասխանատու աշխատակիցներից` գործակից խմբագրից մինչեւ գլխաւոր խմբագիր` «Նայիրի», «Ազդակ», Փարիզի «Հայաստան» շաբաթաթերթ, «Բագին» գրական բարձրորակ ամսագիր,  աշխատակցել է «Սիոն», «Ակօս», «Ազդարար», «Դրօշակ»-ին:

«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական հիմնադրամի կողմից իր խմբագրութեամբ, իր առաջաբանով կեանքի են կոչուել Յ. Օշականի բազմաթիւ հատորները, Արամ Հայկազի գործերը, Կոստան Զարեանի, Ռուբէն Դարբինեանի, Եդ. Պոյաճեանի, Ն. Պէշիկթաշլեանի,  Մ. Մեծարենցի եւ այլոց գործերը: Եւ այս ամէնի հետ` իր 80-ից աւել ստեղծագործութիւնները, տասնեակ քննադատական, հարցազրոյց ակնարկները, վերլուծութիւններն ու յօդուածները:

Անկարելի է այսպէս մէկ հայեացքով ամփոփել  մի ստեղծագործողի կեանք, որը հայ գրով ու գրականութեամբ է միայն շնչել, որը դարձել է սփիւռքահայ ամենատարածուած եւ ազդեցիկ գրական ամսագրի խմբագիրը մօտ 39 տարի:

Իմ ծանօթութիւնը Սնապեանի հետ սկսուել է դեռ 1964թ., երբ կարդացի «Աւազախրած նաւը» քննադատական իր յօդուածը  Կ. Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» վէպի հայաստանեան ձեւափոխուած հրատարակութեան առիթով: Յօդուածի համարձակ, ճշմարտութիւնը որոնող եւ Զարեանի պէս ստեղծագործողին դատապարտող ոճը, անմիջապէս գրաւեց ինձ: Մինչ այդ Հայաստանում չէինք կարդացել վէպի իրական հրատարակութիւնը: Իր այդ յօդուածը թէեւ անխնայ հարուած էր արդէն իր արածի համար տառապող մեծ գրողին, բայց եւ միաժամանակ խորհրդային կարգերում կատարուող ճնշումների համարձակ բացայայտում էր: Այդ յօդուածով Սնապեան անունը դարձաւ փնտռուած ազգային գրականութիւնը պաշտողների համար: Տարիներ անց, Սան Ֆրանսիսքոյում ինձ բախտ վիճակուեց հանդիպել ու ճանաչել իրեն: Առաջին հանդիպումից մենք անմիջապէս կապուեցինք, քանի որ մի ընդհանուր մեծութիւն էր մեզ կապող օղակը, դա Յակոբ Օշականն էր, որի հանդէպ տածած իմ սէրը եւ իր` որպէս նրա աշակերտի, նուիրումը, մեզ դարձրեցին մտերիմ բարեկամներ: Այնուհետեւ Պէյրութեան իմ հիւրախաղերի այցելութիւնների ընթացքում ես աւելի խորքով ճանաչեցի իրեն, իր միջավայրում, «Ազդակ»-ի խմբագրատան, «Բագին»-ի իր համեստ գրասենեակում: Գրասենեակ, որը ստեղծագործական հաւաքատեղի, աւելի ճիշդ հաստատութիւն էր դարձել աշխարհի տարբեր ծայրերից այցելող մտաւորականութեան համար:  Իր գրամեքենայի առջեւ կենտրոնացած նստած, հանդարտ, բայց դէմքի վրայ դրոշմուած մտքերի ալեկոծումով, երբեք չյոգնող, երբեք չտրտնջացող գրողը, քննադատն ու խմբագիրը իր ժամանակը անմնացորդ նուիրում էր իր բաց դռնից ներս մտնել ցանկացողներին, իրեն հարցում յղողներին: Իսկ իր հետ անկարելի էր արագ խօսել ու հեռանալ: Իր աշխատասիրութեամբ դարձել էր արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեան հանրագիտարան, իր լայնատարած շրջապատով տեղեակ էր հայրենիքում կատարուող դեռ այդ տարիներին թաքցուող իրական դէպքերին եւ միաժամանակ զուսպ իր եզրակացութիւններում, երբեք ցուցադրութիւն կամ ինքնագովութիւն:

Ես բախտը ունեցայ ներկայ լինելու իր վերջին ձեռնարկներից մէկին, Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացին, ուր բացայայտեցի իր մարդկային մէկ այլ յատկութիւնը: Սէրն ու ուշադրութիւնը, գուրգուրանքը աճող սերնդի հանդէպ:  Զարմանալի հոգատարութիւն ու զգայնութիւն էր ցուցաբերում նրանցից իւրաքանչիւրի հանդէպ, ուր ես սովորեցի նաեւ մէկ այլ կարեւոր դաս իրենից:

Ինձ համար կազմակերպել էր հանդիպում Հայագիտականի իր ուսանողների հետ եւ ուսանողները պատրաստել էին շատ հետաքրքիր հարուստ ծրագիր իմ բանաստեղծութիւնների, գրութիւնների ու ներկայացումների հաւաքածուներից:  Ես սովոր չէի նստել ու լսել իմ մասին, ահաւոր անյարմար էի զգում ե՛ւ իր, ե՛ւ այդ երիտասարդ գրականութեան նուիրեալների առջեւ, փորձում էի կարճ կապելով վերջացնել հանդիպումը:  Բայց մուսալեռցու յամառութեամբ ինձ ստիպեց նստել ու լսել մինչեւ վերջ:  Յետոյ, երբ իրեն բողոքեցի, որ անյարմար վիճակի մատնեց ինձ, իր  հանդարտ, կամաց ձայնով խորհուրդ տուեց սովորեմ, որ տալու ժամանակ գոյութիւն ունի եւ վերցնելու:  Եւ այդ երկուսի հաւասարակշռութիւնն է, որ ստեղծագործողին ուժ է տալիս, ուրեմն պիտի սովորել նաեւ տուածի վերադարձը ստանալուն:  Թէեւ ինքն էլ իր խորհրդին երբեք չհետեւեց, գուցէ պատճառը մեր հայ իրականութեան ետ վերադարձնելու գոյութեան պակասն է, չգիտեմ…

Գնում ենք Այնճար, «Մուսա լերան 40 օրերը» ներկայացնելու, ուր իր պապենական տունն է, գնում է մեծ խանդավառութեամբ ու անհամբերութեամբ եւ ներկայացումից առաջ մօտենում է ու քաշուելով ինձ խորհուրդ տալիս, որ ներկայացումից հանեմ Բագրատեանի եւ Ժուլիէթի, Իսկուհու տեսարանները:  Ես զարմանում եմ իր կողմից այդ առաջարկին, բայց ինքը չի ուշացնում իր բացատրութիւնը, որ ժողովուրդը այս ներկայացումը ընդունելու է, որպէս անմիջական, բացարձակ իրական իր ապրած պատմութիւն, ուր այդ յարաբերութիւնները չեն եղել, եւ թող ժողովուրդը ապրի իր իրական պատմութիւնը:  Ես անշուշտ նեղուած եւ շուարած եմ, վերջին վայրկեանին այդ հարցի դէմ կանգնելով, քանի որ բեմի վրայ արագ պիտի այդ փոփոխութիւնը անեմ, բայց երբ վարագոյրը բացւում եւ տեսնում եմ հանդիսասրահում ներկայ ժողովրդի հաւատով ու նուիրումով ինձ ուղղուած հայեացքները, հասկանում եմ իմ մեծ բարեկամիս իմաստուն խորհուրդը:

Այսպիսին էր Սնապեան մարդը, ո՛չ միայն իր ժողովրդին, իր շրջապատին ուսումնասիրած, հասկացած, բայց նաեւ նրան պաշտպանող, աւելորդ ցաւ ու ճնշում չպարտադրող, իր իւրաքանչիւր քայլում հաւասարակշռուած ու զգոյշ եւ միշտ խորհրդատու, բայց ոչ ստիպող:

Ընտանեկան դռները միշտ բաց այցելուների համար, քէֆ ու հանդիպումներ սիրող, երեխայի հետ երեխայ, մեծի հետ յարգալից ու զգոյշ:  Իր սիրելի տիկնոջ Աղաւնիի հետ ստեղծել էին մի այնպիսի անկիւն, որը ոչ միայն լեցուած էր թոռների անվերջանալի խաղերով, երգ ու պարով, այլ անհատնում գրքերի ու ձեռագրերի աշխարհով:

Պօղոս Սնապեանը նաեւ Լիբանանի նուիրեալ քաղաքացին էր:  Ամէն ինչ իր էութեան մէջ գնահատող մարդը չէր կարող չգնահատել լիբանանեան կառավարութեան եւ ժողովրդի ցուցաբերած վերաբերմունքն ու սրտաբաց հիւրընկալութիւնը կոտորածից փրկուած հայութեան հանդէպ:  Եւ այդ նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնն էր, որ Պէյրութի երկարատեւ պատերազմն իսկ նրան չկտրեց այդ երկրից, ուր մնաց եւ աշխատեց մինչեւ վերջ:  Եւ ոչ միայն մնաց, այլ դարձաւ Պէյրութի մթնոլորտը լեցնող այն անհրաժեշտ օզոնը, որը հարստացնում էր ամենածանր պայմաններում, իսկ տոկացող հայ համայնքի իւրայատուկ գոյատեւման թթուածինը: Համայնք, որը մեր ժողովրդի մեծագոյն զաւակների մի բազում փաղանգ աճեցրեց, հիւրընկալեց ու դաստիարակեց եւ դեռ շարունակում է մնալ սփիւռքահայութեան ողնայարը, արեւմտահայ լեզուի ու գրականութեան մատակարարն ու հնոցը, կուսակցութեան դարբնոցը, որի հաւատարիմ ու նուիրեալ անդամներից էր նաեւ հայ պահանջատիրութեան պաշտպան Սնապեան դաշնակցականը:

Վստահաբար Քեսապի այս վերջին դէպքերը վերջնականօրէն մաշեցին, իր ազգի մտածումներով մաշուած իր սիրտը, քանզի անկարելի է տեսնել իր կեանքի համար փախչող ժողովրդիդ վիճակը եւ այդ տարիքին չվերյիշել քո հարազատների անցած ճանապարհը եւ չտանջուել դրա համար:

Հիմա, երբ գիտեմ, որ այլեւս չեմ տեսնելու իմ անխոնջ բարեկամիս ու խորհրդատուիս, գիտեմ, որ անասելի դժուար է լինելու այցելել Պէյրութ եւ չտեսնել, չլսել իրեն: Հիմա ուզում եմ ոչ թէ իմ հրաժեշտի խօսքը ասել, քանի որ իր պէս բարեկամները երբեք չեն հեռանում մեր էութիւնից, միշտ մնում են մեր էութեան մէջ իրենց յատկացուած անկիւնում, ուզում եմ պարզապէս իմ սրտի խօսքն ասել, որը թերացել եմ, կամ աւելի ճիշդ յետաձգել եմ անձամբ իրեն ասելու:

Սիրելի՛ բարեկամս, ես միշտ բարեկամութեանը նայել եմ յաւիտենական հայեացքով եւ կարծել եմ միշտ շարունակուելու էր մեր կէս թողած խօսակցութիւնն ու նիւթը:  Բայց այսօր դառը իրականութեան առջեւ կեցած ուզում եմ յայտնել, որ ինձ համար միշտ բարձրագոյն հաճոյք են եղել մեր զրոյցները, որքան էլ համաձայնութեամբ կամ անհամաձայնութեամբ են դրանք լեցուած եղել:  Միշտ էլ բաժանուել եմ հարստացած ու լիցքաւորուած, որովհետեւ դու դիմացինին գնահատելու կարողութիւն ունէիր:

Բաժանուել եմ սովորած, որ կարելի է սակաւ վայրկեաններն անգամ տրամադրել ուրախացող թոռներին ու հարազատներին:

Որ կարելի է սիրել մի օտար երկիր, գնահատելով նրա ցուցաբերած հոգատարութիւնը, բայց ամբողջ էութեամբ եւ ջիղերով կապուած մնալ, ապրել հայրենիքով:

Իմ թանկագի՛ն Սնապեան, շնորհակալ եմ, որ մեր հանճարեղ Յ. Օշականին նոր կեանք պարգեւեցիր քո հրատարակութիւնների շնորհիւ:  Յանձինս այդ հրատարակութիւնների, ես էլ մտայ Յ. Օշականի աշխարհի բարդ յորձանուտի մէջ ու ճգնելով է՛լ աւելի ճանաչեցի ու կապուեցի իմ ժողովրդիս անցեալին, նրա կրած ներքին տառապանքին ու հարստացայ դրանով:

Շնորհակալ եմ, որ քո ղեկավարած «Բագին»-ի էջերում տեղ տուեցիր արուեստում եւ գրականութեան մէջ նոր ոտք դնող հարիւրաւորներին, տեսար, հասկացար, գնահատեցիր նրանց ընդունակութիւնները ու ճանապարհ բացեցիր նրանց համար:

Շնորհակալ եմ, որ միշտ քաջալերել, ձեռք ես մեկնել մեր շնորհալիներին, որոնք այսօր ամէնուրեք հայ լեզուին, գրականութեան, դպրոցին եւ մամուլին են ծառայում:

Շնորհակալ եմ, որ երբեք չթաքցրիր քո կուսակցական դաւանանքը եւ հաստատեցիր, որ կարելի է կուսակցական լինել եւ լինել խմբագիր ու գրող բոլորի համար եւ հարկ եղած դէպքում յայտարարել` «Այո՛, ես այդ շունն եմ»:

Շնորհակալութիւն քո ստեղծած հիանալի ընտանիքի, քո դաստիարակած զաւակների ու թոռների համար, որոնց հետ պիտի շարունակուի մեր բարեկամութիւնը առանց երբեք քո բացակայութեան:

Քո սիրելի Այնճարի հայի տքնանքով, ծնողներիդ քրտինքով հարստացած հողը թող հայրենական հոգատարութեամբ պարուրի քո յաւերժական հանգիստը:

Յաւերժ հանգիստ քեզ եւ բազում օրհնութիւն քո թողած անուան, գործին եւ յիշատակին:

 ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱՊՈՒՍԷՖԵԱՆ

14 Յունիս, 2014
Սան Ֆրանսիսքօ

 

 

Սփիւռքահայ Եզակի Դէմքի Մը Կորուստը
Պօղոս Սնապեան

Լիբանանահայութիւնը, սփիւռքը կորսնցուցին եզակի անձնաւորութիւն մը` արեւմտահայ գրականութեան անզուգական պաշտպան Պօղոս Սնապեանը:

Օգտագործեցինք եզակի եւ անզուգական մակդիրները` մեզմէ յաւէտ բաժնուած գրագէտին, գրականագէտին, գրական քննադատին, վերլուծողին, ուսուցիչին, խմբագրապետին եւ հաւատաւոր դաշնակցականին տիպարը բնորոշելու: Աւելորդ ոչ մէկ արտայայտութիւն կայ այս մակդիրներուն մէջ: Պարզապէս Պօղոս Սնապեան, մուսալեռցիի ծնունդ մը, քիչ մը ըմբոստ, շատ կրքոտ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերէր ազգային մեր ջիղը կսմթողին…

Ազգային թաղում եւ յուղարկաւորութիւն կատարուեցաւ, արժեւորումի յստակ ցուցանիշ մը` վերոգրեալ մեր սահմանումը հաստատող:

Աշակերտած էր անուանի, մեծահռչակ գրագէտ, քննադատ, վիպագիր, լայնաշունչ գրականութիւն մշակած մեր աննման Յակոբ Օշականին: Պօղոս Սնապեանին մեծ սէրերէն մէկն էր եղած Յ. Օշական, որուն աշակերտած էր իր պատանի տարիներուն, Երուսաղէմի վանքի դպրանոցին մէջ: Դպրեվանք` ըսելով` մեր միտքին մէջ կը յստականայ այն մեծասքանչը, որ ծնունդ տուած է մեր քաղցրաշունչ եւ սրբանուշ գրաբար լեզուին: Կ՛ուզեմ այս մասին հաստատում մը կատարել իմ համեստ փորձառութեամբ, զոր ունեցած եմ` մտերմանալով մեր մեսրոպաւանդ գրաբարին: Մի՛ ըսէք, թէ ուրկէ՛ ունեցած եմ այս «մտերմութիւնը»: Յիշեցէք եկեղեցին հայկականը, «մեր եկեղեցին հայկական»-ին հետ մեր ունեցած շփումը… աւելին չըսենք: Հապա՞ եթէ պատանի մը մուտք գործած է հայոց դպրեվանքէն ներս, ան կոչուի Էջմիածին, Երուսաղէմ կամ Անթիլիաս-Պիքֆայա, կարիքը չենք ունենար յաւելեալ հարցումներ ուղղելու: Եկեղեցին հայկականը մեր յիշած դպրատուներու մէջ կը ծաղկի, մեր եկեղեցիներուն մէջ կը բարբառի… Ով որ լսելու ականջ ունի, կը սորվի այս հնաւանդ մեծութիւնը: Գրաբար լեզուն անտեսող գրողը ամբողջական գրողը չէ…

Պօղոս Սնապեանին լեզուն հայելիացած է Յ. Օշականի գրականութեան ճամբով: Բառամթերք` զարմացնող, զոր դիւրին դիւրին չենք գտներ մեր գրողներուն մօտ, արձակագիր ըլլան թէ բանաստեղծ: Պ. Սնապեան վարպետ մըն էր` մեր լեզուին կառոյցին հիմը հաստատող: Ինչ որ գրէր, մաքուր, ջինջ, առհաւական լեզուն ինքզինք կը պարտադրէր անոր գրիչին տակ:

Ինքնավստահ գրագէտն էր ան եւ արդարամիտ քննադատը` որեւէ զարտուղի կամ հայոց լեզուն խոցողին դիմաց: Կը պախարակէր ամենայն յանդգնութեամբ: Հաճոյքով կը հետեւէի իր քննադատական նշմարներուն: Խորհրդային ժամանակաշրջանէն ժառանգուած կարգ մը գրողներուն հաշուոյն ինչպիսի մանրամասնութիւններ կը մէջբերէր իր գրութիւններուն մէջ: Կը սիրէի իր այնքան բծախնդիր վերաբերումը Հայաստանի մամուլին մէջ արձանագրուած լաւ եւ վատ անդրադարձումներուն, որոնց իր ժամանակին յայտնաբերումը կը սպասէր ան` իր թիրախին արձակուած նետի մը անսխալ մուտքով: Վերլուծումները հապա՞. վէպերուն մէջ արձանագրուած հերոսներուն, տիպարներուն, այլ անուանակոչումներով արձանագրուածներուն բուն ինքնութիւնը երեւան հանողի սուր ու խորունկ ներթափանցումով: Ինծի կը թուէր, թէ իր վարպետ ուսուցիչին հետքերով կը քալէր ան:

Պ. Սնապեան չէր հանդուրժեր մանրուքներու յոխորտանքին: Կը խայտառակէր զանոնք,  որովհետեւ չէր ուզեր հայոց գրականութեան տաճարը պղծողներուն դիմաց ըլլալ հանդուրժող: Տուրք չէր տար, այս պատճառով իսկ ունեցաւ թշնամիներ, զինք չսիրողներ: Իրեն համար հոգ չէր թէ սիրուա՞ծ գրողն էր, թէ՞ չսիրուած: Կենսականը ճշմարտութիւնը արտայայտելն էր:

Պօղոս Սնապեան աշակերտներ պատրաստած էր գրականութեան համերաշխ ընթացք ունեցողներուն հետ: Կը ճանչնար զանոնք, անոնց ինքնուրոյն ըլլալը կամ` դժուար տեղ հասնելու կոչուածը: Կը գուրգուրար անոնց վրայ: Անզիջող էր իր «դասարանէն» դուրս գրիչ բռնելու ելածին նկատմամբ, ոչ թէ չարամտութեամբ կամ այլամերժութեամբ, ո՛չ, այլ որովհետեւ գիտէ, թէ այդպիսիք ինքնամեծարութեամբ սնանողներ էին, լաւ կը ճանչնար: Օրինակ մը տամ. երիտասարդութեան սեմէն նոր ներս մտած գեղադէմ պարոն մը քանի մը քերթուած մրոտած` կ՛երթայ Պ. Սնապեանին քով, որպէսզի հաւանութիւն տայ, արժեւորէ, քանի որ այդ ոտանաւորները պիտի յանձնէ «Ազդակ»-ի երիտասարդներու սիւնակին մէջ տպուելու: Սնապեան ճանչցած է այս «տիպարը» եւ մերժած` ընդառաջել: Սնապեանին գրասենեակէն դուրս ելլելով` ան քովս եկաւ տխուր:

– Կը հաճի՞ք այս գրութիւններս տպել «Ազդակ»-ին մէջ:

– Քեզի թելադրած էի երթալ պարոն Սնապեանին, գացի՞ր…

– Գացի, բայց…

– Ի՞նչ ըսաւ…

– Գրութիւններս չտեսաւ միայն հարցում մը ըրաւ. «Չարենց կարդացե՞ր ես», ըսաւ: Ես ալ ոչ ըսի, բայց կը կարդամ…

– Կարդա եւ վերջը քովս եկուր,- ըսաւ պարոն Սնապեան…

Անզիջող էր տեսնուած, բացայայտուած անարդարութեան, սխալ դատողութեան պարագային: Ճշմարտութիւնը երբ արտայայտուի, թշնամիներ կ՛ունենայ: «Ճշմարտութիւնը կը վիրաւորէ» կ՛ըսէ ֆրանսական իմաստուն խօսք մը: Պօղոս Սնապեանի ճշմարտութիւնը բացայայտելուն համար շատեր «վիրաւորուած» են, բայց ինք նկատի չէր առներ իր հասցէին ուղղուած անտեղի յերիւրանքները: Այս ոլորտին մէջ կրնանք յիշել Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» հանրայայտ վէպը, որ երկրորդ տպագրութեան մը արժանացաւ Հայաստանի մէջ, յապաւումներով, ազգային «ձայն» բարձրացնող տողերու, նախադասութիւններու, նոյնիսկ պարբերականներու զեղչեալ բաժիններով տպուած: Պօղոս Սնապեանին համար ոճիր էր նման «սրբագրութիւններ»: Ան լուռ չմնաց, գրեց պատասխան գիրք մը «Աւազախրած նաւը», մատնանշելով խորհրդային կարգերու «Կարմրակտուց» (այս բառը Պ. Սնապեանին կը պատկանի) խմբագիրներու կողմէ:

Ազգայինի ջիղը ունեցող անձը չի կրնար լռել, գիտնալով հանդերձ իր անձը վտանգած ըլլալը, չարախօսութեամբ, նոյնիսկ… սպանութեամբ: Չարենց, Թոթովենց, Բակունց եւ միւսները ինչո՞ւ նահատակուեցան: Սովետին «մանգաղը» սուր էր, կը հնձէր անխնայ: Պարոյր Սեւակը յիշեցէք, անոր նշանաւոր «ավտովթարը»:

Այսուհետեւ թող հանգիստ գրեն բոլոր անոնք, որոնք կը բամբասէին Սնապեանը: Այսուհետեւ, ո՞վ գիտէ` ե՞բր պիտի յայտնուի երկրորդ Պօղոս Սնապեան մը: Հարիւր տարի ե՞տք… եթէ հետեւինք այն վկայութեանց, թէ «հարիւր տարին անգամ մը զարմացնող երեւոյթ մը կը ծնի»:

Հոս կ՛ուզենք մեկնաբանել «Անփոխարինելի մարդ չկայ» դատարկ փիլիսոփայութիւնը: Լեւոն Շանթէն ետք քանի՞ թատրերգութիւն կարդացինք: Մատ բարձրացուցէք: Այո՛, անփոխարինելի անձնաւորութիւններ կան: Կրնա՞նք ըսել արդեօք, քիչ մը հեռաւոր դարեր երթալով, նոր նարեկացիներ, շնորհալիներ ծնա՞ն… Այսպիսիք կը մնան անփոխարինելի, որովհետեւ հանճարեղ ծնունդներ են: Քա՛ւ լիցի, բաղդատական չենք ըներ, իւրաքանչիւրը իր կարգին, իր ժամանակին մէջ խտացնելով` կրնանք ընդգծել երեւոյթները:

Պօղոս Սնապեան արժանացաւ բազմաթիւ շքանշաններու. Հայաստանի Հանրապետութեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի, Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան եւ այլ հիմնարկներու կողմէ: Մօտ 40 գիրքերու հեղինակ, բոլորն ալ` յարգելի մեկենասներու նուիրատուութեամբ: Ինք յիշեց անգամ մը, թէ իր մէկ գիրքը լոյս ընծայած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի նուիրատուութեամբ, ուրիշ հատոր մը` ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին կողմէ: Բացառիկ գնահատականներ` բացառիկ գրողին:

Խորհրդային վարչաձեւի տարիներուն Հայաստանի գրողները կը փնտռէին Պօղոս Սնապեանի գիրքերը, իր խմբագրած «Բագին»-ները եւ կը զարմանային եւ հոգեկան գոհացում մը կ՛ունենային, թէ անվախ գրիչ շարժող մը կայ…

Անփոխարինելիին եւ փոխարինելիին մասին կարելի է օրինակներ տալ, բայց կը բաւարարուինք մեր մատնանշումներով` առանց մատնուելու յուսահատութեան: Կը մխիթարուինք` յիշելով Պարոյր Սեւակի մարգարէական խօսքը, թէ բացառիկ ծնունդները` «Ուշ ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած»: Կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ Պօղոս Սնապեանի բացակայութեան հայ գրականութեան սպասարկուները մնան պատնէշի վրայ` առանց յուսալքուելու գիտութեան շնորհած նորահնար «գրականութենէն», համացանցին ստեղծած դիմանկարային աղմուկներէն:

«Ազդակ»-ի իր գրասեղանն ու աթոռը յիշատակ մնացին: Ամէն օր կը բարեւէինք իրեն, ան նորութիւն մը կը փոխանցէր, կը յայտնէր ուրախառիթ տեղեկութիւններ, նաեւ` ցաւառիթները:

Կը յիշեմ, դեռ տարի մը առաջ կը խօսէր Հայաստանի պետութեան եւ մշակոյթի պատասխանատուներուն շնորհուած շքանշաններուն մասին: Ինքն ալ ստացած էր Սերժ Սարգսեան նախագահին շնորհած «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը: Յուզումով եւ ընդվզումով կ՛ըսէր.

– Կողքիս շարուած էին այնպիսի անծանօթներ եւ մեր գրականութեան կամ մշակոյթի զարգացման համար մատ չշարժած կերպարներ, որոնք եւս արժանացան իմ ստացած նոյն շքանշանին: Անկեղծօրէն ուզեցի վերադարձնել շքանշանը` ի տես անոր բաշխումին, արժեմ-չարժեմ անձերու:

Ըմբոստանալու պատճառ մը եւս ստեղծուած էր Պ. Սնապեանին համար: Որքան արդար պիտի ըլլար, որ նման պատուական շքանշաններ աժան «չծախուէին» աջին ու ձախին, եւ պարոն Պօղոսին ալ հոգին հանգչէր իր յաւիտենական աթոռին նստած:

Մոռցուած, չապրուած կամ նոր լսուած մեր ազգային թէ մշակութային տեղեկութիւն մը քաղելու համար կը մօտենայի իր գրասեղանին, կը բարեւէի եւ հարցումս կ՛ուղղէի նորութիւն մը եւս քաղելու համար իրմէ` Հայաստանի, Յակոբ Օշականի եւ մեր սփիւռքահայ կրթական թէ գեղարուեստական հարցերու մասին: Կը պատասխանէր սրտի զեղումով: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ գաղտնիքներ կը յայտնէր…

Հապա՞ Յակոբ Օշականը… Ո՞վ պիտի խօսի անոր մասին, ո՞վ պիտի արժեւորէ եւ անմահացնէ այս մեծանուն, հանճարեղ գրողին անունը: Մեր յոյսը Հայաստանն է, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը, պետական աւագանին, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` սփիւռքի նախարարութիւնը:

Յիշատակդ անմար մնայ, ընկեր Պօղոս Սնապեան

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

24 յունիս 2014

 

Արթուն Սահմանապահը

GA«Հաշուեցէք, որ այս մէկն ալ հայուն հայրենիքն է, որուն սահմանները վտանգուած են… եւ ուրիշը պիտի չպաշտպանէ զայն. մե՛նք պիտի պաշտպանենք. աս է այսօրուան մեր Սարդարապատը, աս է Բաշ Ապարանը, աս է Ղարաքիլիսան: Մեր գրականութիւ՛նը: Մեր կեանքի ամէնէն հարազատ հո՛ղը: Դուրեան, Մեծարենց, Վարուժան, Սիամանթօ, Օշական: Պիտի կենաս այս սահմաններուն վրայ` զէնքը ձեռքի՛դ…»:

Լիբանանի առաջին քաղաքացիական պատերազմի օրերն էին. 1958-ի տաք, մղձաւանջային ամառը: Ոչինչ յստակ էր մեր շուրջ: Նստեր էինք Պուրճի հրապարակի մերձակայ սրճարաններէն մէկուն մէջ, ուր տիրապետողը վէճն էր ու աղմուկը, եւ ուր արաբերէնն ու հայերէնը կը խառնուէին նոյն տագնապահար ժխորին: Պօղոսն էր աւելի շատ խօսողը եւ կը խօսէր հաւատքով, աւիւնով, բարկութեամբ: Կը խօսէր զինուորի հաւատարմութեամբ: Անզիջող եւ անհամբեր: Յանկարծ անդրադարձայ, որ քովի սեղանները լռեր էին, եւ բոլորը ուշադրութեամբ կը հետեւէին Պօղոսին մարտական վանկերուն:

Այդպէս եղաւ միշտ: Ինք կեցաւ այդ վտանգուած սահմաններուն վրայ մինչեւ վերջին շունչը. յաճախ` բոլորովին առանձին, հպարտ ու կամակոր, մերժելով ամէն յարմարուողականութիւն, ամէն դիւրաշահ կենսակարգ, յաղթանակողի հոգեբանութեամբ եւ տեսիլքով, արհամարհելով ամէն խոչընդոտ, ընդունելով ամէն մարտահրաւէր, ընդառաջ երթալով ամէն գրոհի, խարազանելով ամէն դաւ ու փոքրութիւն եւ ծառայելով հայ գիրին արեւմտահայ դպրութեան դրօշը միշտ բարձր պահելու իր հսկայ նախանձախնդրութեամբ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, ազնիւ եւ անմոռանալի՛ ընկեր:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

 «Ահա Հանգիստ Հող Կը Մտնեմ»

20 յունիս 2014:

Առտուան  ժամը երկուքն է քովս: Պէյրութի ժամով` կէսօրուան տասներկուքը:

«Թռչէի մտքով տուն»: Մտքով կը թռչիմ Լիբանան, ուր այս վայրկեանին տեղի կ՛ունենայ բազմավաստակ մտաւորական, գրականագէտ, խմբագիր եւ կրթական մշակ Պօղոս Սնապեանի յուղարկաւորութիւնը: Հազարաւոր մղոններ հեռու եմ, սակայն մտքով` հոն: Մեծ թիւով սգակիրներու կողքին, ես ալ իմ յարգանքի վերջին տուրքս կը մատուցանեմ ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ` Պօղոս Սնապեանին:

Սովորութիւն դարձած է, երբ ազգային մարդու մը անշունչ մարմինը ցուրտ հողին կը յանձնուի, ներկայ սգակիրները միաբերան կ՛երգեն, «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, Յոյսս դուք էք ընկերներ»: Վստահաբար այս վայրկեանին երգեցին կամ քանի մը վայրկեանէն պիտի երգեն, իսկ ես` անկողինիս մէջ, քունս փախցուցած, երբ տակաւին բաւական ժամանակ ունիմ գործի երթալու, մէկ կողմէն միւսը կը դառնամ, ու մտովի կ՛երգեմ նոյն երգը: Չեմ զգացած, ե՞րբ դարձեալ քունի անցած եմ: Առտուան սովորական արթննալիք ժամուս աչքերս կը բանամ եւ նոյն յանկերգը տակաւին ուղեղիս մէջ է: Գործի հասած եմ ու կը սկսիմ աշխատանքիս: Անդադար նոյն յանկերգը` «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ»:

«Անփոխարինելի մարդ չկայ», ըսուած է, սակայն ո՞վ փոխարինեց Կոմիտաս վարդապետը, Սայաթ Նովան ու բազմաթիւ յայտնի գրական դէմքեր: Այսօր մեզմէ հեռացաւ Պօղոս Սնապեանին նման անզուգական դէմք մը: Ո՞վ պիտի փոխարինէ զինք, մանաւանդ` ներկայ օրերուն, երբ զգալիօրէն պակսած է թիւը հայ մտաւորականներու, կեանքերնին հայ գրականութեան նուիրող անձերու: Ամէն մարդ «պատառ մը հացի ետեւէն կը վազէ»: «Հայ գրականութեամբ զբաղելով` ընտանիքս չքաւոր պիտի չպահեմ», այս է ներկայ երիտասարդութեան հոգեվիճակը:

Սնապեան «Ոսկիի ետին վազող» չէր: Իրեն համար հայ գրականութիւնն էր ոսկին, եւ վազեց իսկական ոսկիին ետեւէն: Անտեսեց նիւթապաշտութիւնը: Դաստիարակեց սերունդ մը, որ իրեն նման կերտուեցաւ  հայ գրականութեամբ: Իրեն նման վազեցին իսկական ոսկիին ետեւէն: Սնապեան իր աշակերտներուն լոկ հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն չդասաւանդեց. սորվեցուց սէր ու պաշտամունք հանդէպ հայ գրականութեան, եւ այսօր, երբ իրենց սիրելի ուսուցիչը անցաւ անմահներու շարքին, իրեն հանդէպ սէր ու պաշտամունք` ունեցող աշակերտներն,  ու գրասէրներու փաղանգ մը խոր սուգի մատնեց:

Յեղասպանութեան տարիներուն մեծ թիւով մտաւորականներ, գրողներ ու բանաստեղծներ կորսնցուցինք, սակայն բարեբախտաբար ծնան նոր տաղանդներ: Հայ գրականութիւնը շարունակուեցաւ, սակայն այսօր, երբ հողին կը յանձնենք Սնապեանին նման անզուգական անձ մը, պիտի գտնուի՞ զինք փոխարինող մը: Ժամանակը կը պատասխանէ այս հարցումին:

Երիտասարդութեան «խենթ» տարիներուս կը նախընտրէի երաժշտութիւնը: Գրականութիւնը գզրոցիս մէջ դրած էի, սակայն չէի կղպած: Երբեմն գզրոցէս դուրս կ՛ելլէր, սակայն կարճ ժամանակ ետք կը վերադառնար իր տաքուկ անկիւնը: Ներկայիս դերերը փոխուած են: Երաժշտութիւնը գրաւած է գզրոցին անկիւնը եւ հոն կը մնայ: Գզրոցը կղպած եմ: Երաժշտութեան տարիներս պատմութեան անցած են:

* * *

Վեց -եօթը ամիսներ առաջ էր: «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն մէկէն ե-նամակ մը ստացայ, ուր կը գրէր.

« Այսօր հազիւ «Ազդակ» մտայ, տակաւին գրասեղանիս չէի հասած, երբ Պօղոս Սնապեանը քու մասիդ հարցուց, թէ «Ո՞վ է այս տղան, լաւ գրած է, սրտամօտիկ, պարզ եւ տպաւորիչ»: Աւելցուց, որ միւս գրութիւններուդ ալ հետեւած է եւ դրական տրամադրութիւն ունի քեզի նկատմամբ…»:

Անսպասելի էր, միեւնոյն ժամանակ` յուզիչ եւ փաղաքշական: Սնապեանին նման գրականագէտէ մը այդպիսի տողեր լսելը մեծ պատիւ էր, զոր երբեք չէի ակնկալեր: Այդ քանի մը տող նախադասութիւնը նոր եռանդ մը արթնցուց մէջս` գրելու նոր յօդուածներ: Հո՛ս է մեծ գրագէտին իսկական արժէքը: Չանտեսել պարզ սիրողական գրողները: Չզբաղիլ միայն յայտնի գրողներով: Խտրութիւն չդնել լաւին, միջակին ու սիրողական գրողին միջեւ: Կարդալ ու կը քաջալերել բոլորին գործերը անխտիր:

Իր ստորագրութեամբ բազմաթիւ յօդուածներ կարդացած եմ «Բագին»-ի մէջ, սակայն վերջերս Լիբանան գտնուող դասընկերներէս մէկը Սնապեանէն ուղարկեց  գիրք մը, «Երկու սպանդ»,  կցուած` երկտող մը: «Անպայման կարդա՛»: Անշո՛ւշտ պիտի կարդամ: Կը կարդամ ու նոր արժէք մը կը յայտնաբերուի մէջս մեծ գրագէտին հանդէպ: Դարձեալ նոր հատոր մը հրապարակած է, որ տակաւին Լոս Անճելըս չէ հասած: Կարելի է Լիբանան այցելող բարեկամի մը միջոցով ունենալ, սակայն կը նախընտրեմ օրինակ մը իր մակագրութեամբ: Կ՛երեւակայեմ գիրքին առաջին էջին վրայ գրուած իր իսկ ձեռագիրով` «Պօղոս Սնապեանէն` Պօղոսին»,  սակայն… մնաց անիրականացած երազ մը:

Աւելի քան երեք տասնամեակ է Լիբանան չեմ այցելած: Մտադիր ենք ընտանեօք օգոստոսին այցելել: Անհամբեր եմ մօտէն ծանօթանալու ու ձեռքը սեղմելու  մեծ գրագէտին, սակայն… աւա՜ղ: Կը լսեմ, թէ անհանգիստ է: Կը մաղթեմ առողջութիւն: Կ՛աղօթեմ իր առողջութեան համար: Այո՛, պիտի առողջանայ, պիտի հրատարակէ նոր հատորներ, նոր յօդուածներ: Պիտի ուրախացնէ զինք պաշտող իր աշակերտները, ու յանկարծ դարձեալ «Ազդակ»-ի նոյն խմբագիրէն տխուր ե-նամակ մը:

« Առտու կանուխ տխուր գոյժը ցնցեց զիս,
պարոնը մահաքունի մէջ մտած է արդէն…:
Քիչ անց`
Պօղոս Սնապեանը մահացած է….
Գիտէի` հիւանդ է, գիտէի` կեանքին օրերը հաշուըւած են, գիտէի, սակայն…
Գիտե՞ս ինչ ըսել է իր ուսանողներուն հոգեւոր հայրն ու անոնց վերելքին համար մտահոգուող մը կորսնցնել:
Անկարելի է բացատրել»:

Այո՛, գիտեմ` ի՛նչ ըսել է` «իր ուսանողներուն հոգեւոր հայրն ու անոնց վերելքին համար մտահոգուող մը կորսնցնել»: Անկարելի չէ բացատրել: Լաւապէս կը զգամ ձեր վիշտը, որ միեւնոյն ժամանակ համայն հայութեան վիշտն է: Իմ վիշտն է: Գոնէ մէկ անգամ ձեռքը թօթուէի: Ա՛յն ձեռքը, որմէ մարգարիտ ու ադամանդ կը սահէր ճերմակ թուղթին վրայ: Մարգարիտներ, որոնք այսօր պատիւ կը բերեն հայ գրականութեան:

Հայրերու օրուընէ քանի մը օր առաջ միայն հեռացաւ « իր ուսանողներուն հոգեւոր հայրը»  եւ իր հարազատ զաւակներուն չափ սուգի մատնեց իր հոգեւոր զաւակները: Իր աշակերտները:

Վստահաբար զգաց, թէ մօտ է իր վախճանը ու մտովի երգեց,

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ
Յոյսս դուք էք ԳՐՈՂՆԵՐ»:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս 2014

 

Սնապեանը Արաբերէնով

Երազի նման կը յիշեմ Պօղոս Սնապեանին Դամասկոս այցելութիւնը 1988-ին, այդ օրուընէ ինծի մնացած են հեղինակին ստորագրութեամբ երկու գիրքեր` «Աղքատներուն աւանդութիւնը» եւ «Արագիլը», որոնք տարիներ գրադարանիս մէջ չկարդացուած գիրքերու կողքին մնացին:

Սակայն երկու տասնեակ տարիներ ետք անսպասելի հեռաձայն մը, նոյնինք պրն. Սնապեանէն, պարտադրեց, որ մտնեմ Սնապեանի գրական աշխարհը, եւ զոյգ գիրքերը մաշած վիճակ ստանան տարիներ ետք: Հեռաձայնած էր քաջալերելու, գնահատելու` սուրիական աղբիւրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ուսումնասիրելու նախաձեռնութիւնս: Անմիջական էր հարցումը. «Ծնողքդ ուրկէ՞ են», եւ անշուշտ` «շատ երիտասարդ հետազօտող աղջկան մը» մուսալեռցիի ծագումը իր զարմանքը փարատեց:

Յաջորդ հանդիպումը Պէյրութի մէջ էր, 2004-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ դասախօսութեանս առիթով: Աշակերտի նման դէմը շուարած կանգնեցայ, ամչցայ, որ նման, հեղինակութիւն մը իր կնոջ հետ ներկայ էր իմ դասախօսութեանս: Բայց հասկցայ, որ Մարդը զիս քաջալերելու եկած էր:

Տարիներ ետք Դամասկոսի մէջ Պաղեստինցի գրողներուն միութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մասնակցելու ժամանակակից վիպակներու կլոր սեղանին, որուն թեման անպայման պատերազն էր: Անմիջապէս թարգմանեցի «Երգին ծիածանը» պատմուածքը ու զայն ներկայացուցի: Ներկաները հիացած էին Սնապեանին ոճով:

Արաբ գրողներու միութեան օղակէն ներս թէ դուրս, երբ կը պահանջուէր հայկական ժամանակակից պատմուածքներ, անվարան կը թարգմանէի Սնապեանին այն պատմուածքները, որոնք կը հետաքրքրեն արաբ ընթերցողը: Եւ այսպէս, այսօր բաւարարուած կը զգամ, որ գոնէ կարելի դարձուցի, որ արաբ ընթերցողը ծանօթանայ արեւմտահայ գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի գրականութեան, արաբական աշխարհի կարեւոր պարբերականներուն մէջ, ուր անպայման կը յիշէի նաեւ Պօղոս Սնապեանին կենսագրականը, ինչպէս Արաբ գրողներու միութեան հրատարակած տարբեր ամսագիրներէն եւ պարբերականներէն` «Ատապ Ալամիէ», ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հրատարակած ամսագիր «Մաարիֆէ», եւ Հալէպի մշակութային պարբերական «Շահպա Սաքաֆիէ»:

Մահուան լուրը կրկնակի տխրութիւն պատճառեց ինծի: Կը փափաքէի, որ պատրաստած անակնկալս իրականանար` տարի մը առաջ թարգմանած պատմուածքներս գիրքի տեսքով լոյս տեսնէին նախքան իր հեռանալը,  սակայն ափսո՜ս, բոլոր ջանքերս ապարդիւն էին:

Մխիթարողը մէկ արարք մըն էր` «միջնորդ» ընկհ. Ծովիկը արաբերէն թարգմանած պատմուածքս հազիւ հիւանդանոց հասցուց: Յաջորդ օրը գրեց. «Պարոնը ուրախացաւ եւ յուզուեցաւ, եւ ըսաւ, որ եթէ կարողութիւնները վերագտնէ, քեզի նամակ պիտի գրէ, այլապէս բերանացի պիտի ընդունիս իր սրտագին շնորհակալութիւնները…»:  Տեսակ մը հանգստութիւն ապրեցայ նաեւ, երբ նոյն գործին համար Պ. Սնապեանին դուստրը` Թամարը գրեց. «Գոնէ այս աղուոր լուրերով ուրախացնենք 19 օրեր է ի վեր անկողինին ծառայելու դատապարտուած հայրս»:

Կը պատկերացնեմ Սնապեանին ուրախութիւնը, երբ տեսաւ, որ իր անունը արաբերէն տառերով կը փայլի արաբական մշակութային պատկառելի պարբերականի մը էջերուն վրայ:

Իսկ հիմա կը խոստանամ, որ հարուստ վաստակով լիբանանահայ արձակագիրին, գրաքննադատին կենսագրականը արաբերէնով տարածել ու հասցնել մինչեւ արաբական հանրագիտարան (հանրագիտարաններ, որոնք մահէն ետք կը հրապարակեն կենսագրականները):

Յիշատակը անթառամ մնայ:

ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Դամասկոս

 

Պարոնը Չկա՞յ…

Դժուարութիւն ունիմ համոզուելու, որ արդէն Պարոնը չկայ:

Այլեւս չկա՞յ:

Դժուար է ընդունիլ իր կորուստը մեր կեանքէն…

Դժուար է չցաւիլ, չյուզուիլ, չտառապիլ իր բացակայութեամբ մեր կեանքերուն մէջ ստեղծուած բացով…

Դժուար է մանաւա՛նդ անցեալ կատարեալով խօսիլ մարդու մը մասին, որ ի վերուստ սահմանուած իր մէկ ու միակ կեանքին մէջ ապրեցաւ բազում կեանքեր եւ նոր իմաստներով լեցուց ուրիշներու կեանքեր…

Վստահ եմ, որ շատ գրելիք, ըսելիք, պատմելիք ու հաստատելիք բան կայ Պօղոս Սնապեան երեւոյթին մասին: Սերունդներու ուսուցիչը, ոգեւորիչ ուժը եղաւ ան: Իրաւամբ երեւոյթ է ան, որ քանի մը ժամ առաջ գնաց-միացաւ անմահներու աստղահոյլին` քիչ մը աւելի խորացնելով մեր մէջ որբութեան անդարմանելի զգացումը, «կեանք» կոչուած առեղծուածին անհասկնալիութիւնը…

«Գրականութիւնը տաճար է, քուրմի երկիւղածութեամբ պէտք է մտնել անկէ ներս, այլապէս բնաւ պէտք չէ մտնել», կը սիրէր կրկնել յաճախ, երբ խնդիրը կը վերաբերէր գրական արժէք ստեղծելուն: Եւ այս խորութեամբ ու սկզբունքային մօտեցումով ուրիշ շատ բաներ կրկնուեցան` 1987-ին պատահած մեր առաջին հանդիպումէն սկսեալ եւ մինչեւ երկու տարի առաջ: Անդադար կրկնեց իմաստութիւններ` պարզ ու վճիտ, հասկնալի բառերով, առանց «մեծութեան» քղամիդը ուսերուն վրայ հանգչեցնելու, առանց գոռոզամտութեան յետին նշոյլի մը, այլ` գաղափարակից ընկերոջ մը անկեղծութեամբ, մտերիմ գործակիցի մը սրտցաւութեամբ, հարազատ հօր մը գուրգուրոտ շեշտով, այլ մի՛շտ բարձրացնելով մարդը` մարդուն մէջ եւ իր կեանքին օրինակով վարակելով իր շրջապատը, աշակերտները, հայ գիր ու դպրութեան երկրպագող հոգիները…

Պօղոս Սնապեան` Պարոնը, որակաւոր կեանք ստեղծեց իր շուրջ, անկրկնելի ճշմարտութիւններու շունչով լեցուց մեր կեանքերը, սորվեցուց ընդմիշտ, աշխատեցաւ յար, խորապէս հաւատացած եւ հաւատքը սկզբունքի վերածած` անդադար դաւանեցաւ հայու հայրենիք, սէր ու ստեղծագործութիւն, Դաշնակցութիւն ու ծառայութիւն` հերոսական Տղմուտէն մինչեւ Թարթառ, Արարայի ճակատամարտի հայ լէգէոնականներէն մինչեւ Արցախեան Հերոսամարտ, լիբանանահայ տղոց ինքնապաշտպանութենէն մինչեւ Հրանդ Տինք ու մեր նորագոյն պատմութեան կարմիր էջերը լեցուցած անձնազոհութեան ԲԱԳԻՆ…

Պարոն Սնապեանը այլեւս չկայ… Դառն իրողութիւն է, որ ան այլեւս մեր օրերուն մէջ չկայ, բայց իր բացակայութիւնը միայն պիտի ըլլայ ֆիզիքական, որովհետեւ, վստահ եմ, որ մեր բոլորին Պարոնը Հայ գրականութեան տաճարէն ուղղակի անցումով մը մտաւ յաւիտենական կեանք, իր շատ սիրած Նազովրեցիին իսկ առաջնորդութեամբ…

Լուսաւոր ճաճանչ մը ասուպի պէս անցաւ հայութեան եւ մարդկութեան կեանքէն, մեր բոլորին կեանքերէն… Գնաց ու միացաւ Մեծ Լուսատուին, Աստուածային էութեան…

Պարոնը գնաց դէպի Աղբիւրը Լոյսին…

Հողը թեթեւ գայ վրադ, Պարո՛ն: Արցունքներս քեզի ուղեկից` մինչեւ վերին արքայութիւն…

Ս. Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

14 յունիս, 2014
Լոս Անճելըս

 

 

 

Նախորդը

Պօղոս Սնապեանի Քառասունքին Առիթով. Մեծ Արժէքին Նուիրուած Յաւելուած

Յաջորդը

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.