Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

July 19, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

forumԱյսօր` շաբաթ, 19 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի սկսի Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ գեղեցիկ ու օգտաշատ սովորութեան վերածուած ծրագիր մըն է: Արդարեւ, անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար կը դառնայ համախմբման իւրայատուկ առիթ, կամրջում կը ստեղծէ անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից կը դարձնէ, առիթ կու տայ կատարելու քննարկումներ` հայկական ուրոյն իրականութեան, մշակոյթի արժէքներուն պահպանման, ազգային նկարագիրի կառչածութեան դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներուն  մասին, նաեւ գիտնալու, թէ ի՛նչ են հայ համալսարանականին պարտականութիւնները այս բոլորին մէջ:

Այս տարի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին պիտի մասնակցին 32 ուսանողներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Պրազիլէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն եւ Վրաստանէն:

18 յուլիսի երեկոյեան Լիբանանէն Հայաստան մեկնեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ 9 մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հաւաքի պատասխանատու կազմը:

17 օրերու ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանին` իբրեւ զբօսաշրջական երկիր եւ իբրեւ հարազատ տուն, հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:

Հաւաքին մասնակիցները վերջին 4 օրերուն պիտի այցելեն նաեւ Արցախ:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքի ծրագիրը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ. առաջին` զբօսաշրջական, երկրորդ` այցելութիւն այնպիսի վայրեր, ուր պարզ զբօսաշրջիկ մը չի կրնար երթալ, ինչպէս` զօրամաս, պետական համալսարան, խորհրդարան, մանկատուն, երրորդ` խմբային աշխատանքի դրութիւն:  Ասոնց զուգահեռ կայ դաստիարակչական ծրագիր մը, որուն գործադրութեան համար երիտասարդներուն հետ մնայուն ներկայութիւն կ՛ըլլան դասախօսներ, այս տարի հաւաքի մասնակիցներուն պիտի միանան փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեանն եւ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը: Դաստիարակչական ծրագիրը չի կեդրոնանար միայն դասախօսութիւններուն վրայ, այլ հիմնական շեշտը կը դրուի քննարկումներուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Պօղոս Սնապեանի Քառասունքին Առիթով. Մեծ Արժէքին Նուիրուած Յաւելուած

Յաջորդը

Անդրադարձ. Դիտաւորեալ Ոճիր Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.