Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 18, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախարար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը եւ Մեսուտ Աշքարը: Հանդիպումներէն ետք Օպէյտ եւ Աշքար մեկնեցան մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօրուան իր նախաձեռնութեան մէջ հանրապետութեան նախագահութեան առումով յստակ յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ` առաջարկելով նոր անուններ փնտռել` վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալուն:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառին ընդմէջէն յաջորդ հանգրուանին եւ ապագային որդեգրուելիք հիմնական խորագիրները ճշդուեցան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու նիստը բաց յայտարարուած է եւ յստակ ժամանակի կարիքը չունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի որեւէ կառավարութիւն պէտք է որդեգրէ ապահովական խիստ միջոցառումներ` պահպանելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ յայտնեց, որ շրջանային դաշնակից ուժերը պիտի չընդունին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ վարչակարգին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կրթութեան նախարարութեան մէջ գործող բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դժգոհ են կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի վարուելակերպէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումին նպատակն է աղաւաղել շրջանին պատկերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու հիմնական պատճառն է համախոհութեան մասին կազմուած սխալ կարծիքը: Ան շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր նախաձեռնութեան մէջ նկատի պիտի չունենայ նախագահական ընտրութեան հաւանական թեկնածուներ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք կը փորձեն գիտնալ աշխատավարձի յաւելումները ապահովելու նպատակով վաւերացուած այն ներածումները, որոնց շուրջ համախոհութիւն գոյացած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ի վերջոյ պիտի հրաժարի պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքէն, այնպէս ինչպէս վերջ տուած էր քննութիւնները պոյքոթի ենթարկելու իր կեցուածքին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կատարած յայտարարութիւնները փաստեր են եւ քաջալերանք, որ տեղական ուժեր աւելի եւս միջամուխ դառնան եւ օժանդակեն սուրիական վարչակարգին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն սուր մրցակից նկատուող նախագահական թեկնածու մըն է, որ ցարդ չէ կրցած առաջադրել երկրին շահերուն ծառայող նախաձեռնութիւն մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ դարձեալ ընդգծած է, որ ինք բռնի ուժով կառչած կը մնայ իշխանութեան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ ներկայիս Պքերքէ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն պիտի առաջադրէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահն ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը համախմբելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը կը փափաքի Լիբանանը չէզոք պահել նաեւ պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապէն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ վերջնական համաձայնութիւն մը չկայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ յայտնեց, որ շէյխ Հասան Աթուիի կատարածը հերոսութիւն է եւ Դիմադրութիւնը պէտք է որդեգրէ անոր հարցը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ բարգաւաճման հարցեր:

 

Նախորդը

Իսրայէլացի Եւ Պաղեստինցի Պաշտօնատարներ Հերքեցին Զինադադարի Համաձայնութեան Մը Գոյութիւնը

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց Միւֆթի Շաարը Եւ Փաուլին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։