Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլացի Եւ Պաղեստինցի Պաշտօնատարներ Հերքեցին Զինադադարի Համաձայնութեան Մը Գոյութիւնը

July 18, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1707GazaԻսրայէլացի պաշտօնատար մը, որ պահանջած է իր անունը չհրապարակել, «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ Համասի եւ իսրայէլեան կառավարութեան միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, այսօր առաւօտեան ժամը վեցէն սկսեալ զինադադար պիտի հաստատուի: Համաձայնութիւնը գոյացած է իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մեր Եգիպտոսի մէջ կատարուած բանակցութիւններէն ետք: Սակայն իսրայէլացի եւ պաղեստինցի պաշտօնատարներ հերքեցին լուրը:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերման յայտնեց, որ այդ լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ: Ինք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ այդ լուրին մասին խօսած է եւ վերջինս վստահեցուցած է, որ «առնուազն մինչեւ այս վայրկեանը այդ հարցը իրեն ծանօթ չէ եւ այդ մասին բան չէ լսած»:

Կազայի մէջ Համասի բանբեր Սամի Ապու Զահրի իր կարգին հերքեց լուրը` նշելով. «Հանդարտեցման համաձայնութեան գոյութեան մասին լուրերը ճիշդ չեն»: Իսլամական ժիհատ շարժումը իր կարգին հերքեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման լուրը:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն 15:00 Կազայի մէջ ՄԱԿ-ի առաջարկով գործադրուեցաւ մարդասիրական զինադադար մը, որ ընդհանուր առմամբ յարգուեցաւ:

Զինուորական գետնի վրայ պաղեստինցի զինեալներ յաջողեցան փապուղիի միջոցով ներթափանցել Իսրայէլ եւ վերադառնալ Կազա:

Քասսամի փաղանգները ստանձնեցին գործողութեան պատասխանատուութիւնը` նշելով որ իրենց զինեալները առաւօտեան ժամը 4:00-ին Սոֆա շրջանին մէջ յաջողած են ներթափանցել հակառակորդին գիծերուն ետեւ, ապա իրենց առաքելութիւնը աւարտելով նահանջելու ընթացքին ենթարկուած են իսրայէլեան օդուժին կողմէ յարձակումի, սակայն բոլոր անդամները ապահով վերադարձած են:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ իսրայէլեան բանակը ձախողութեան մատնած է գործողութիւնը: Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին, զինեալ խմբակը կը բաղկանար 13-էն 20 զինեալներէ եւ գործողութեան յաջողութեան պարագային գետնի վրայ պատկերը պիտի փոխուէր:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հակադարձել իսրայէլեան յարձակումներուն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թել Աւիւի, Հաշարոնի եւ Աշքելոնի դէմ մեծաթիւ հրթիռներ արձակուած են:

Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ երէկ առաւօտեան ռմբակոծած են Պիր Սապահն ու «Էմ-75» տիպի երկու հրթիռ արձակած Թել Աւիւի վրայ:

Քասսամի փաղանգները նաեւ հրապարակեցին տեսերիզ մը, ուր կը ցուցադրուէր թակարդը, որ լարուած էր Կազայի ծովափէն ներթափանցել փորձող իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերու խմբակի մը դէմ, որուն շարքերուն մէջ արձանագրուած են կորուստներ եւ ստիպուած եղած է օդուժի եւ ծովուժի բուռն միջամտութեան օժանդակութեամբ նահանջել:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Իսրայէլը ամբաստանեց Կազայի մէջ «բնաջնջման կազմակերպուած փորձ մը» կատարելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 235-ի, իսկ վիրաւորներունը 1700-ի:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Գաղթականներուն Դէմ Հերթական Ցոյցեր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։