Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան սկսելու կապակցութեամբ հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկահայ յառաջատար կազմակերպութիւններու` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի ղեկավարներուն հետ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի եւ ներկայացուցիչ Կարօ Արմէնեանի, Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արթունի հետ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, Հայաստան – սփիւռք կապերու հետագայ ամրապնդումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հոլովոյթը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ ամերիկահայ համայնքին առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները համագործակցութիւնը շարունակելու փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնեցին:


