
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ միջազգային ընտանիքն ու Արաբական լիկան պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով:
Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց պաղեստինեան ազգային ուժերը եւ մաղթեց, որ անոնք ամրապնդեն իրենց ազգային միասնականութիւնը` ընդգծելով, որ ազգային միասնականութիւնը պայքարի եւ գոյատեւման բանալին է:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը կտրականապէս մերժեց Իսրայէլի դէմ հրթիռ արձակելու համար լիբանանեան հողերուն օգտագործումը` շեշտելով միջազգային բանաձեւերուն, որոնց շարքին նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը: «Լիբանանեան բանակին, այլ խօսքով` լիբանանեան պետութեան օրինական զէնքը միակն է, որ իրաւունք ունի Լիբանանը թշնամի Իսրայէլին դէմ պաշտպանելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Պլոքը շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի զգայուն վիճակի մէջ` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտումի ենթարկող ոեւէ կողմ իր երկրին եւ ժողովուրդին վնաս կը պատճառէ:
Մուսթաքպալ պլոքը դարձեալ պահանջեց Հըզպալլայէն հեռանալ Սուրիայէն եւ վերջ տալ սուրիական հարցերուն միջամուխ դառնալու տրամադրութիւններուն:
Մուսթաքպալ հոսանքը հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը շարունակել, առանց այդ աշխատանքը խանգարելու աւելորդ արգելակումներու եւ խոչընդոտներու:


