ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի մտավախութիւն յայտնեց ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքին ստացած ընթացքէն` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յաջորդ շաբթուան ընթացքին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող հարցերը լուծուած են:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը հաստատեց, որ Լիբանանը պաշտպանելու պարտականութիւնը կարելի չէ բաժնեկցիլ բանակին եւ այլ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ նախկին երեսփոխանէ մը, կը գրէ, թէ Հըզպալլա պէտք է դասեր քաղէ Կազայի օրինակէն եւ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համար կարեւոր է եւ շահաւէտ` կառավարութեան եւ օրէնսդրական աշխատանքներուն շարունակութիւնը:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ ուրբաթ, 18 յուլիսին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջադրէ քաղաքական նախաձեռնութիւն մը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ Քալամունի մէջ ձախողեցուցած է սուրիական ընդդիմութեան կողմէ պատրաստուած զինուորական հսկայ գործողութիւն մը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին գինը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 200 լ. ոսկիով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ յատուկ աղբիւրներ քուէյթեան «Նահար» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլ անկարող է Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ կառավարութեան մաս կազմող լիբանանեան կարգ մը ուժերու միջեւ երկրին հարցերուն վերաբերող լարուածութիւնը հետզհետէ կը սրի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան մը յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան որեւէ այլ ժամանակ, իսկ Արսալի մէջ կացութիւնը տարբեր է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը ստացած է արեւմտեան զգուշացումներ` հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը հակակշռելու առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց ազգային զգայուն թղթածրարները անջատելու երկրին քաղաքական տագնապէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ վարչական ապակեդրոնացումը ազգային նպատակներ կը հետապնդէ` աւելցնելով, որ այդ նպատակներէն մէկը բարգաւաճումն է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ իրենք համաձայն են երկրին սահմանադրութեան բոլոր կէտերուն գործադրութեան:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ որոշած է պարտադիր համախոհութիւն գոյացնել` հիմնուելով ազգային համախոհութեան մասին իր յանձնառութեան վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Միշել Հըլու հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու պարագային Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի պիտի չկարենայ դիմադրել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իբրեւ կուսակցութիւն իրենք դիտողութիւններ ունին կատարելիք կառավարութեան կազմութեան եւ անոր դերակատարութեան մասին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու անդամ պատասխանատուէ մը, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը մտահոգիչ է եւ այդ մէկը կը բարդացնէ Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր սակարկութիւն կատարել, այլ` նախագահական թափուր մնացած աթոռը լեցնել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը նշած է, որ հարաւային Լիբանանէն արձակուած հրթիռները Լիբանանը կրակի թիրախ պիտի դարձնեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին եւ անոնց միջեւ համախոհութիւն կայ` նախագահական ընտրութեան ելք մը գտնելու առումով:


