Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրը Օրին. Յիշել Ու Պատուել

July 16, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամբողջ ազգով կը խոնարհինք հայրենիքի սահմանները պաշտպանող մեր զինուորներու ծառայութեան առջեւ: Կը խոնարհինք մանաւանդ սահմանները պաշտպանելու նուիրական գործին ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած, նահատակուած զինուորներու յիշատակին առջեւ:

Դժբախտաբար, վերջերս յաճախակի դարձած են նահատակութիւններու դէպքերը, որոնց մեր հաւաքական անդրադարձը, վստահ չեմ, որ ըստ արժանւոյն կ՛արտայայտէ մեր հաւաքական գնահատանքը` զինուորներու գերագոյն զոհաբերութեան:

Այո՛, նահատակութեան օրն իսկ պաշտօնապէս կը գնահատուի զինուորի սխրանքը` մարտական շքանշանով: Յետո՞յ:

Բանակը իր աւանդական ծէսերով ու յիշատակումով կը յարգէ եւ կը պատուէ իր զինուորի նահատակութիւնը:

Մե՞նք:

Կրնա՞նք յիշել, թէ մեր եկեղեցիներուն մէջ, ինքնաբերաբար, առանց յատուկ պատուէրներու, մեր հոգեւորականները (իրենց նախաձեռնութեամբ կամ հոգաբարձուներու թելադրանքով) հոգեհանգստեան պաշտօն կատարած ըլլան նախորդ շաբթուան ընթացքին զոհուած հայ զինուորներուն համար: Քարոզին մէջ ալ կարելի չէ՞ յիշատակել նահատակութիւնը, արժեւորել զայն` ամրագրելով անոր կարեւորագոյն տեղը մեր արժէքային համակարգին մէջ:

Կամ` մեր ձեռնարկներուն եւ հանդէսներուն ընթացքին, մէկ րոպէ լռութեամբ չե՞նք կրնար յարգել նահատակի յիշատակը:

Կամ` մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն ընթացքին, չե՞նք կրնար յիշել ու մեր երախտագիտութիւնը յայտնել նահատակի ծնողքին, ընտանիքին, որոնք այդ պահուն եւ ընդմիշտ խոր վիշտը կ՛ապրին ու պիտի ապրին իրենց թանկագին կորուստին համար: Մեր զաւակներուն հայրենասիրութիւն ներարկելու գործին չի՞ նպաստեր նման վերաբերմունք:

Այս բոլորը եթէ ծրագրուած ըլլան, անպայմա՛ն թերացումներ ու մոռացումներ կը պատահին: Բայց ճի՛շդ կ՛ըլլայ, որ յիշատակումները ըլլան բնական, ինքնաբուխ:

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վարչութիւնը Եւ Պասքեթպոլի Յանձնախումբը Պատուեցին Աղջկանց Բաժակակիր Խումբը

Յաջորդը

Անգլիացի Գրողը Նոր Պատմուածքը Պիտի Հրապարակէ 280 Թուիթի Միջոցով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.