
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ այցելեց Պաապտայի Արդարութեան պալատը, ուր հետեւեցաւ պալատին աշխատանքներուն եւ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքային հոլովոյթին:
Ռիֆի յայտնեց, որ լիբանանցիները հսկայ սխալ մը գործած են սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելով, որովհետեւ անիկա իր ուղղակի եւ ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է խորհրդարանի աշխատանքներուն վրայ:
Ան աւելցուց, որ շրջանը արտակարգ պայմաններ կը դիմագրաւէ եւ կը գտնուի հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց, հետեւաբար անհրաժեշտ է երկրին քաղաքական եւ զինուորական հովանաւորութիւն ապահովել:
Անդրադառնալով Ռումիէի բանտին դէմ ահաբեկչական գործողութեան մը հաւանականութեան` Ռիֆի ըսաւ, որ Ռումիէի ապահովութեամբ պէտք չէ մտահոգուիլ, այլ պէտք է զգուշանալ Լիբանանի վրայ շրջանային իրադարձութիւններուն ունենալիք հետեւանքներէն:
ՄԻՒՍ կողմէ, Զինուորական ատեանի դատախազ Ֆատի Սուան երէկ մահապատիժի վճիռ արձակեց 23 արգելափակեալներու դէմ, որոնց շարքին նաեւ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու պատասխանատուներէն Նայիմ Մահմուտ Ապպասի, Ժամալ Տաֆթարտարի եւ Ժումանա Հըմայէտի դէմ:
Ի բացակայութեան մահապատիժի վճիռ արձակուեցաւ նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներէն Սրաժէտտին Զրէյքաթի դէմ:


