Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ապու Սաապի Հետ Քննարկեց Կրթութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

July 15, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Սաապ եւ Սալամ
Ապու Սաապ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ վարչապետին ներկայացուցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեսակէտը` կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին արձանագրուած զարգացումներուն մասին` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին վարչապետ Սալամի եւ այս դժուար կացութեան ընթացքին անոր որդեգրած խոհեմ կեցուածքներուն, որոնց շնորհիւ կը պահպանուի երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ապու Սաապ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի իմաստուն միտքերով է, որ կը պահպանուի երկրին կայունութիւնը: Ան աւելցուց, որ իրենք եւս կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտելու մտադրութիւն չունին: «Նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամի կեցուածքը անկեղծ արտայայտութիւն մըն էր` Լիբանանեան համալսարանի հարցերուն վերջնական լուծումներ գտնելու առումով: Նիստին ընթացքին վարչապետը ներկայացուց իր առաջարկները, սակայն դժբախտաբար անոնց մասին ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացաւ», ըսաւ Ապու Սաապ:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ Տը Ֆրէյժ, որուն հետ Սալամ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքներն ու հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները խանգարելու քաղաքականութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ եւ կը վնասէ բոլոր լիբանանցիներուն:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ասաատ Հարմուշը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը:

 

Նախորդը

Պըրրի Ղանեմի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Հարցերը

Յաջորդը

Ռիֆի. «Ռումիէի Բանտին Ապահովութեամբ Պէտք Չէ Մտահոգուիլ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.