Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Կռուող Ահաբեկիչներու Շարքերուն Մէջ` 600-700 Թուրք

July 15, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hurriyet_turkmen-ceteԹրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական հետախուզական վերջին տուեալներուն համաձայն, Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն անունով ծանօթ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու շարքերուն մէջ 600-700 թուրքեր կան: 163 ընտանիք դիմած են պատկան մարմիններու` յայտնելով, որ իրենց զաւակները անհետացած են եւ կը կասկածին, որ անոնք միացած են իսլամ ծայրայեղականներու շարքերուն:

Սուրիոյ սահմանը անցնելով` խմբաւորման ճամբարներուն մէջ թուրքերը մարտական մարզումներու կը հետեւին, ապա կը մասնակցին պատերազմին: Այս ընթացքին սպաննուած են առնուազն 7 թուրք զինեալներ: Կը նշուի, որ ճամբարներու պատասխանատուներուն մեծ մասը թուրքեր են: Թուրք սահմանապահները արդէն իսկ զգուշացուցած են եւ պիտի փորձեն կանխարգիլել ապօրինի ճամբով սահմանը անցնելու դէպքերը:

Միւս կողմէ, Իրաքի Թիւրքմենական միութիւններու դաշինքը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց պաշտպանելու Իրաքի թիւրքմենները: Դաշինքի նախագահ Քեմալ Պէյաթլը յայտնեց. «Թուրքիա թիւրքմեններուն միայն սննդական օժանդակութիւն պէտք չէ տրամադրէ: Կ՛ակնկալենք, որ թիւրքմենները պաշտպանելու առնչութեամբ Անգարան լուրջ քայլերու դիմէ: Իրաքի երեք միլիոն թիւրքմենները երկրին երրորդ մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնն են եւ բնակչութեան մօտաւորապէս 13 առ հարիւրը կը կազմեն:

Նշելէ ետք, որ Քերքուքի, Մուսուլի, Թել Աֆարի եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ կացութիւնը շատ վատ է, Պէյաթլը ըսաւ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը զիրենք պիտի հզօրացնէ, սակայն` «պարզապէս յայտարարութիւններ կատարելը բաւարար չէ»:

«Եթէ այսօր Քերքուքը չպաշտպանէք, ապա վաղը Անգարան պաշտպանելու դժուարութիւն պիտի ունենաք», ըսաւ ան:

Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով 300 հազար թիւրքմեններ տեղահանուած են: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիա ապաստանած են:

Նախորդը

Թուրքիան Հրապարակած Է Յուլիս 2014-ի Դրութեամբ Իր Զինեալ Ուժերուն Թիւը

Յաջորդը

Ո՞Վ Է Միջամտելու Հին Հակամարտութեան Նոր Թէժացմանը

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.