Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 28, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Հըզպալլա տակաւին կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութեան, որուն մասին սակայն Սէուտական Արաբիա կը մերժէ քննարկում կատարել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ կը սերտէ ռամատանի առիթով կազմակերպուած բոլոր իֆթարները ջնջելու որոշում մը տալու կարելիութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիա Լիբանան պիտի գործուղէ ապահովական պատուիրակութիւն մը` օժանդակելու համար լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հարց տուաւ, թէ արդեօք ան իրապէս կը հաւատա՞յ, թէ Մուսթաքպալ պլոքին մէջ կայ երեսփոխան մը, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ի նպաստ քուէարկէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Մաշնուքէն, յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար զօր. Միշել Աունի հետ յարաբերութիւնը աւելի օգտակար է, քան` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի նշեց, որ Լիբանան այցելութեան համար Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներուն վրայ պարտադիր այցեգիրի դրութիւնը նախատեսելի չէ:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի բոլոր պանդոկները պիտի ենթարկուին մաքրագործումի արշաւի մը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ  Հըզպալլայի շարունակած կռիւը Լիբանանը աւելի ենթակայ կը դարձնէ ահաբեկչութեան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւններէն մեկնելով կարելի չէ եզրակացնել, թէ Լիբանանը վերածուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ապաստանի մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու որոշումը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` հակակշռելու երկրին սահմանները եւ Սուրիայէն դուրս բերելու Հըզպալլան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք դրուատեց ապահովութեան ուժերուն նուաճումները եւ պահանջեց ամէն իմաստով զօրակցիլ անոնց:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը երկրին ճարտարարուեստի մարզին վրայ միլիառաւոր տոլարի վնասներ բեռցուցած է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, երկրին մէջ տիրող ներկայ տագնապը վարչակարգի տագնապ չէ, այլ` զինեալ խմբաւորումի մը գոյութեան տագնապը:

ՊՔԵՐՔԷԻ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ յայտնեց, որ պատրիարքութեան ջանքերը ընթացքի մէջ են եւ կը միտին վնասազերծել նախագահական ընտրութիւնը ականող դաշտերը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, կառավարութիւնը խնդրայարոյց թղթածրարները պիտի չքննարկէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցերուն Հըզպալլայի միջամտութիւնը պայթումներուն հետ առնչելը ահաբեկչութիւնը պատճառաբանելու փորձ է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց, որ տարբեր քաղաքացիներուն համար կանխաւ վիզայի դրութիւն ստեղծուի:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական միջադէպերը Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներուն շարունակութիւնը կը նկատուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Լիբանանը ամրապնդելու եւ ահաբեկչութենէ պահպանելու միջազգային որոշում կայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` համաձայն երկրին սահմանադրութեան: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի վրայ շրջանային իրադարձութիւններուն հետեւանքները կարելի եղածին չափ քիչ ըլլան:

 

Նախորդը

Վրաստանի Եւ Ռուսիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Ամէնէն Ուշը 10 Յուլիսին

Յաջորդը

Վրաստանը Եւ Մոլտաւիան Ստորագրեցին Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը, Իսկ Ուքրանիան` Համաձայնագիրի Տնտեսական Մասը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.