
«Կրուզինա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետի Ռուսիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք յուլիսի առաջին կիսուն` ամէնէն ուշը 10 յուլիսին Փրակայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ:
Ան նշած է, որ հանդիպումէն օրեր առաջ Փրակայի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ երկու երկիրներու առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցերով փորձագէտներուն հանդիպումը:
Վրաստանի յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ Քարասինի հետ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկեն աւանդական նիւթեր, որոնք կապ ունին առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան, փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան, մարդասիրական եւ այլ հարցերու հետ:
Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներու փորձագէտներու հանդիպումին, ապա «անոնք պիտի քննարկեն տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ անցած 1.5 տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքը եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները»:


