Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

3 ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԳԻՒՏԵՐԸ

July 9, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս գիտնականները պատահմամբ նկատած են բաներ եւ` զանոնք մեծ գիւտերու վերածած…

Ալեքսանտր Ֆլեմինկ եւ փենիսիլինը

1928-ի սեպտեմբերի օր մը սկովտիացի կենսաբան Ալեքսանտր Ֆլեմինկ կ՛որոշէ կարգի բերել իր տարրալուծարանը: Անկիւն մը, ան կը գտնէ տուփեր, որոնց մէջ ինք կ՛աճեցնէր մանրէներ: Ան մոռցած էր անոնց գոյութիւնը:

Ի՞նչ կը գտնէ: Երբ ան կը սկսի իր տարրալուծարանը կարգի բերել, կը նկատէ, որ մանրէները նոյն ձեւով չեն աճած բոլոր տուփերուն մէջ: Ան աւելի մօտէն կը նայի… Այս ձեւով է, որ Ֆլեմինկ կը գտնէ փենիսիլինը: Փենիսիլինին գիւտը կարելիութիւնը կու տայ անթիպիոթիքներ պատրաստելու, եւ այս ձեւով մեծ քայլ մը արձանագրելու բժշկութեան պատմութեան մէջ:

Փըրսի սփենսըր եւ մանրալիք փուռը

1946 թուականին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վերջաւորութեան, ամերիկացի ճարտարագէտ Փըրսի Սփենսըր կ՛աշխատի ռատարներու գործարանի մը մէջ: Օր մը ան անօթի կը զգայ եւ ձեռքը կը դնէ շապիկի գրպանին մէջ` առնելու համար հոն դրած պոնպոնները. ան կը նշմարէ, թէ շաքարները հալած են:

Ի՞նչ կը գտնէ: Ան կը մտածէ աշխատաւորներուն մասին, որոնք մանիեթրոններուն մօտ կը տաքնան, երբ օդը ցուրտ կ՛ընէ: Մանիեթրոնը ռատարի մը կեդրոնական կտորն է, որ կարճ ալիքներ կ՛արձակէ: Արդեօք այդ ալիքնե՞րն են, որոնք տաքցուցած են շաքարները: Փորձելով հասկնալ, թէ ի՛նչ պատահած է այդ շաքարներուն, Սփենսըր հնարած է մանրալիք փուռի սկզբունքը` 1947 թուականին:

Ժորժ տը Մեսթրալ եւ Վելքրոն

1941-ի ամրան օր մը, հանգստանալու համար, զուիցերիացի ճարտարագէտ Ժորժ տը Մեսթրալ պտոյտի կ՛երթայ իր շան հետ, բնութեան մէջ: Ան շատ կը սիրէ լեռները եւ մաքուր օդը: Սակայն բնաւ չի սիրեր այն ահաւոր բոյսերը, որոնք իր գուլպաներուն եւ շան ստեւներուն կը կախուին:

Ի՞նչ կը գտնէ: Ան փնտռտուքներ կը կատարէ: Այս բոյսը կռատուկն է: Սակայն անոր պտուղները ինչպէ՛ս կրնան այդ ձեւով կառչիլ: Մանրադիտակով նայելով` ան կը նշմարէ, թէ անոնց մազիկները կը նմանին պզտիկ ճանկիկներու: «Ասիկա ինծի միտք մը կու տայ…», կը մտածէ ան: Ինքզինքին հարց տալով իրեն նեղացուածին մը մասին` տը Մեսթրալ կը հնարէ վելքրօ ժապաւէնները, իրարու կապելու «յեղափոխական» դրութիւն մը, որ ոչ մէկ կապ ունէր իր մասնագիտութեան` ելեկտրականութեան հետ:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

– Միայն էգ մեղուները կը խայթեն:
– Ձիւնի ընձառիւծները չեն կրնար մռնչել:
– Այր մարդիկը աւելի յաճախ կլթիկ կ՛ունենան, քան` կիները:
– Անկափոտի մէջ ծամոնը արգիլուած էր մինչեւ 2004 թուական:
– Աշխարհի առաջին ձեռքով կրելի բջիջային հեռաձայնը կ՛արժէր 3995 տոլար:
– Մեր ուղեղը երբեմն աւելի գործօն է, երբ քնացած ենք, քան` երբ արթուն ենք:
– Ամերիկացիները 544 միլիոն քիլօ գետնախնձորէ պատրաստուած չիփս կ՛ուտեն ամէն տարի: Այս կշիռը Եգիպտոսի մէջ բուրգի մը ծանրութեան տասը անգամն է:
– Հորիզոնական ձեւով բացուած թեւերուդ լայնքը մօտաւորապէս հաւասար է քու հասակիդ:
– Նորածինները գոյները չեն կրնար զանազանել:
– Ֆինլանտայի մէջ գտնուած է 5000 տարեկան ծամոնի կտոր մը:
– Աշխարհի ամէնէն բարձր ծառը 1156 սմ է. անիկա կը կազմէ մօտաւորապէս իրարու վրայ դրուած 188 դպրոցական գրասեղաններու հասակը:
– Արու մժեղները չեն խայթեր:
– Ընգղաները երեք սիրտ ունին:
– Ագեվազները կրնան 9 մեթր ցատկել մէկ ոստումով:
– Աշխարհի ամէնէն կարճ պատերազմներէն մէկը տեւած է 38 վայրկեան:
– Հռոմի մէջ գոյութիւն ունէր աղբերով շինուած պանդոկ մը:
– Կիտրոնը կրնայ աւելի շաքար պարունակել, քան ելակը:
– Պէտք է իրարու վրայ շարել 100 հազար ընձուղտ` հասնելու համար երկրագունդի մթնոլորտին ամէնէն բարձր խաւին:
– Ըստ աւանդութեան, Մոքթեզումա ազթեք պետը օրական 50 գաւաթ տաք տուրմ կը խմէր:
– Փիղերը կրնան մարդ արարածներէն աւելի արագ վազել:
– Դուն օրական մինչեւ 100 մազ կը կորսնցնես:
– Կարմիր գոյն տեսնելը կրնայ սիրտդ աւելի արագ տրոփել տալ:

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

1) Ո՞ր անասունն էր, որ առաջին անգամ անջրպետ ղրկուեցաւ, եւ որուն անունը Լայքա էր:
ա- Կապիկ մը, բ- Շուն մը, գ- Կատու մը

2) Ո՞ր թռչունը շատ ծոյլ է եւ իր անձնական բոյնը չի շիներ:
ա- Քուքուն, բ- Սարեակը, գ- Ագռաւը

3) Ո՞ր ափրիկեան անասունը ոտքի կը քնանայ, որովհետեւ այս ձեւով ան աւելի արագ կրնայ փախչիլ վտանգի պարագային:
ա- Վագերաձին, բ- Ընձուղտը, գ- Վայրի եզը

4) Քանի՞ լիթր ջուր կրնայ ամբարել փիղին կնճիթը:
ա- 3 լիթր, բ- 6 լիթր, գ- 9 լիթր

5) Որքա՞ն է ընձուղտին լեզուին երկայնքը:
ա- 30 սմ, բ- 45 սմ, գ- 60 սմ

6) Ո՞րն է Եւրոպայի ամէնէն մեծ կղզին:
ա- Իսլանտան, բ- Մեծն Բրիտանիան, գ- Իտալիան

7) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ կղզին:
ա- Իսլանտան, բ- Կրինլանտը, գ- Ճափոնը

8) Ո՞րն է Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը:
ա- Ուաշինկթըն, բ- Նիւ Եորք, գ- Սան Ֆրանսիսքօ

9) Ի՞նչ յատուկ բան կը պատահի ձմրան Լափոնիի մէջ:
ա- Առանցի լոյսի օրեր, բ- Անդադար ձիւն, գ-Հրաբխային ժայթքումներ

10) Ո՞ր երկրին կը պատկանին Իպիզա եւ Մայորքա կզղիները:
ա- Փորթուգալի, բ- Սպանիոյ, գ- Իտալիոյ

11) Ո՞ր նշանաւոր կինը, որ իր գեղեցկութեամբ ճանչցուած էր, եղած է Եգիպտոսի վերջին թագուհին:
ա- Կղէոպատրա, բ- Նեֆերթիթի, գ- Օզիրիս

12) Ո՞վ է Աւստրալիոյ պետը:
ա- Անգլիոյ թագուհին, բ- Աւստրալիոյ նախագահը, գ- Աւստրալիոյ վարչապետը

13) Ո՞ր երկրին մէջ տպուած է առաջին դրոշմաթուղթը:
ա- Անգլիա, բ- Ֆրանսա, գ- Գերմանիա

14) Միջին հաշուով ի՞նչ արագութեամբ կը զարնէ չափահասի մը սիրտը:
ա- Մէկ վայրկեանի մէջ` 100-120 անգամ,
բ- Մէկ վայրկեանի մէջ` 70-80 անգամ,
գ- Մէկ վայրկեանի մէջ` 40-50 անգամ

15) Ի՞նչ աստիճանով կը չափեն հովին զօրութիւնը:
ա- Ռիխթըր, բ- Պոֆոր, գ- Փասքալ

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

ԳՏՆԵՆՔ ՎԱՉԷԻՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ

Վաչէն մինակը ինքնաշարժով քաղաք գնաց: Ան իր ինքնաշարժը կանգնեցուց, գոցեց բոլոր պատուհանները, դուրս ելաւ եւ դուռերը կղպեց: Ապա ան կանգառելու մեքենային մէջ դրամ դրաւ: Պատկերին մէջի հինգ ինքնաշարժներէն ո՞րն է Վաչէին ինքնաշարժը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանը վերջաւորութեան

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել պզտիկ ձկնորսին, որպէսզի ան միանայ իր ընկերոջ, ապա օգնելու անոր` հաւաքելու կորսնցուցած ձկնորսութեան եղէգը եւ, վերջապէս, գտնելու ելքի ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տղուն որսացած ձուկին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր շարքի, սիւնակի եւ քառակուսիի մէջ դնելով, , 2, 3 եւ 4 թիւերով վրաններ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1) Ռուսական պզտիկ շնիկը` Լայքան, առաջին կենդանի էակն էր, որ աշխարհին շուրջ դարձաւ անջրպետին մէջ: 2) Քուքուները իրենց հաւկիթները կ՛ածեն ուրիշ թռչուններու բոյներու մէջ եւ կը ձգեն, որ այդ որդեգիր ծնողները հոգ տանին իրենց հաւկիթներուն եւ սնուցանեն իրենց ձագուկները: 3) Ընձուղտները ոտքի կը քնանան, որովհետեւ այս ձեւով անոնք շատ արագ կրնան փախչիլ վտանգի պարագային: 4) Փիղի մը կնճիթը կրնայ մինչեւ 2 մեթր երկայնք ունենալ եւ ընդունիլ 6 լիթր ջուր: 5) Ընձուղտի մը լեզուն կրնայ 45 սմ երկար ըլլալ: 6) Անգլիան, Սկովտիան եւ Ուէլզը կը կազմեն Մեծն Բրիտանիան, որ Եւրոպայի ամէնէն մեծ կղզին է: 7) Իր 2 միլիոն քառակուսի քիլոմեթրով Կրինլանտը աշխարհի ամէնէն մեծ կղզին է: 8) Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը կը կրէ դաշնակցային առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի անունը: 9) Եւրոպայի հիւսիսը գտնուող Լափոնին բեւեռային շրջանին այնքան մօտ է, որ հոն ձմեռները շատ երկար եւ շատ ցուրտ են: Ձմրան ամիսներուն հոն արեւը բնաւ չի ծագիր: 10) Անոնք կը պատկանին Սպանիոյ. անոնք Միջերկրական ծովուն մէջ կղզեխումբ մըն են, որուն գլխաւոր կղզիներն են` Մայորքա, Մինորքա, Իպիզա եւ Ֆորմենթերա: 11) Կղէոպատրան հին Եգիպտոսի թագուհիներէն մէկն էր. ան անձնասպան եղաւ, երբ լսեց, թէ իր ամուսինը մահացած է Օգոստոս կայսրին դէմ կռիւի ընթացքին: 12) Աւստրալիան մաս կը կազմէ անգլիական հասարակապետութեան. ասիկա կը նշանակէ, թէ Անգլիոյ թագուհին անոր պետն է: 13) Անգլիոյ մէջ 6 մայիս 1840-ին է, որ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի առաջին դրոշմաթուղթը դրուեցաւ պահարանի մը վրայ: Անոր վրայ գծուած էր Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին դիմանկարը: 14) Չափահաս տարիքին սիրտը կը զարնէ մէկ վայրկեանին մէջ մօտաւորապէս 70-80 անգամ: Մանուկներուն մօտ մէկ վայրկեանին մէջ սիրտը կը զարնէ 90-100 անգամ: 15) Հովին զօրութիւնը կը չափուի Պոֆորի աստիճանով, 0-12. 1-ը կը նշանակէ, թէ շատ քիչ հով կայ, մինչ 12-ն կը ներկայացնէ մրրիկ մը (այս պարագային հովին արագութիւնը կ՛անցնի ժամական 120 քմ.ը):այ, որովհետեւ այս ձեւով ան աւելի արագ կրնայ փախչիլ վտանգի պարագային:

 

ԳՏՆԵՆՔ ՎԱՉԷԻՆ
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ

Պատասխան

Վաչէին ինքնաշարժը այն ինքնաշարժն է, որ ո՛չ մէկ բաց դուռ, ո՛չ մէկ բաց պատուհան ունի, ներսը` ո՛չ մէկ նստած անձ, եւ ան շարուած է կանգառելու մեքենային քով: Ան վերէն երկրորդ ինքնաշարժն է:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

Յաջորդը

ԱՐԳԱՄ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. «ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԵԼՆ ՈՒ ԽՕՍԵԼՆ ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ՈՒՇ Է»

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.