Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարները, որոնք Հիւսիսային Իրաքի Կորթուաց լեռներուն վրայ կը գտնուին, հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած են, որ իրենք պատրաստ են Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալներուն յարձակումները ետ մղելու եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտերուն, թիւրքմեններուն եւ հայերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու:
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը մեծաթիւ փեշմերկաներ տեղակայած է ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն առջեւ:
ՔԱԿ-ի զինեալները եւս փեշմերկաներուն կողքին կ՛ուղղուին դէպի նշեալ դիրքերը:


