Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Քոչարեանի Պատկերացումով` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի Անբաժանելի Մասն Է

June 6, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0406Robert-Kocharian29 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցածը կը շարունակէ հանրութեան քննարկման առարկայ մնալ: Այս մասին մեկնաբանութիւն կատարած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան, որ չցանկանալով խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, փոխանցեց, որ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան անդամակցիլը չի կրնար արդարացնել Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ պատնէշներու ստեղծումը:

Ըստ անոր, Ռոպերթ Քոչարեանի պատկերացումներով` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի անբաժանելի մասը կը կազմէ, որուն վերջնական իրաւական ամրագրման պէտք է ձգտին բոլորը:

 

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Կը Վստահեցնէ` Հայաստանի Եւ
Ղարաբաղի Միջեւ Մաքսակէտ Պիտի Չըլլայ

040614OSCE-infoՇրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան այցելած Զուիցերիոյ նախագահ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր նախանցեալ օր «Մարիոթ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Սահակեան արտայայտութիւն չունեցաւ, փոխարէնը լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանեց Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան: Վերջինս նշեց, որ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են իրենց յայտնի տեսակէտները, մասնաւորաբար այն մասին, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ իսկական յառաջընթացի հասնելու համար պէտք է վերահաստատել Ղարաբաղի մասնակցութիւնը:

«Մենք խօսած ենք այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը վերանայ` ատիկա գնահատելով իբրեւ կարեւորագոյն պայման բանակցութիւնները առաջ տանելու համար: Գոնէ փոխադարձ վստահութիւն ստեղծենք կողմերուն միջեւ, ինչ որ կարեւոր պայման է բանակցութիւնները առաջ տանելու համար», ըսաւ Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս Լեռնային Ղարաբաղը կը գնահատէ Ասթանայի մէջ Նազարպայեւի հնչեցուցած նախապայմանները այն մասին, որ Հայաստան պէտք է անդամակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան առանց Լեռնային Ղարաբաղի, Կարէն Միրզոյեան նշեց, որ մաքսային անցակէտ սահմանին վրայ պիտի չըլլայ:

Հաշուի առնելով այս հարցին մէջ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն դիրքորոշումներուն տարբերութիւնները` Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հարց տրուեցաւ, թէ Ղարաբաղը Հայաստանի մա՞ս է, թէ՞ ոչ:

«1991 թուականին Ղարաբաղ հռչակեց իր անկախութիւնը եւ մինչեւ այսօր կը գործէ իբրեւ անկախ պետութիւն: Եւ ղարաբաղեան հարցի լուծումը կը կայանայ անոր մէջ, որ հասնինք Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման», ըսաւ Միրզոյեան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Եւ Ապու Ֆաուր Ուղղուեցան Այն Թինէ

Յաջորդը

Մարաշի Մէջ Վերակառուցուած Է Հայ Եղբայրներուն Պատկանած 144-Ամեայ Առանձնատունը

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։