«Հայ Թերթ» կը գրէ, որ Վանի Ատրեմիթ շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին եւ գերեզմանատունը թուրք գանձ որոնողներու «թեթեւ ձեռքով» կը շարունակեն աւերուիլ:
Պաշտպանութեան տակ չառնուած եւ գրեթէ ամբողջութեամբ վերացած հայկական եկեղեցւոյ ստորին մասին մէջ գտնուող եւ մինչեւ 1915 հայաբնակ թաղամասի գերեզման նկատուող գերեզմանատունը կը շարունակեն պղծել: Գերեզմանատան բազմաթիւ գերեզմաններ ոսկիի եւ թանկարժէք իրերու փնտռտուքներու ընթացքին փորուած են: Գերեզմաններէն դուրս բերուած ոսկորները տարածուած են շրջակայքին մէջ, իսկ շուները այդ ոսկորները կը հասցնեն մինչեւ թաղամասի խորքերը:
Թաղամասի բնակիչներէն Եուսուֆ Չիչեք կը նշէ, որ արդէն աւերուած եկեղեցին ամէն անցնող օր աւելի կը ջնջուի, իսկ գերեզմանատունը անմխիթար վիճակի մէջ է. անոնք հայերու գանձերը որոնողներու թիրախ դարձած են:
Ան նշած է, որ գերեզմանները կը շարունակեն փորել եւ պղծել, իսկ Վանի շրջանի մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան վարչութեան պաշտօնեաները կը խուսափին խօսիլ այս մասին:


