Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՈՉ ԹԷ Կ՛ՈՒԶԷ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ, ԱՅԼ ԱՂՄՈՒԿ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՇԱՐՄԱԶԱՆՈՎ

July 2, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էդուարդ Շարմազանով

Մեկնաբանելով ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արտասանած այն միտքը, որ ուշ կամ կանուխ իշխանութիւնները պիտի զիջին եւ բանակցութեան ձեւաչափով երկխօսութեան պիտի սկսին Հայ ազգային քոնկրեսին հետ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ ատիկա Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կարծիքն է եւ ան իրաւունք ունի իր կարծիքը յայտնելու, անկախ այն բանէն, որ այդ կարծիքը իրականութեան հետ կապ ունի՞, թէ՞ ոչ:

Էդուարդ Շարմազանով «Յենարան» ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ անտրամաբանական են զիջողականութեան մասին Տէր Պետրոսեանի արտայայտած միտքերը. «Ինչպէ՞ս կարելի է բան մը զիջիլ, որուն նախաձեռնողը դուն ես: Երկխօսութեան նախաձեռնողը մենք եղած ենք, եւ նախագահը երկխօսութեան հեռանկարին հետ կապուած իր վերջին յայտարարութեան մէջ շատ յստակ պատասխան տուած է: Աւելի՛ն. քաղաքական ընդդիմութեան յստակ ըսած է, որ իր աշխատակազմին ղեկավարը, Ազգային ժողովի նախագահը եւ վարչապետը պատրաստ են ազգային կարեւորութիւն ունեցող հարցերը քննարկել Հայ ազգային քոնկրեսին հետ, քանի հոգինոց պատուիրակութեամբ որ իրենք կ՛ուզեն», ըսաւ Շարմազանով եւ աւելցուց, որ իբրեւ կուսակցութեան բանբեր անցեալին ալ նշած է, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը պատրաստ է Հայ ազգային քոնկրեսին կառուցողական առաջարկները ներկայացնելու խորհրդարանին մէջ:

Շարմազանով նշեց, որ ասկէ ժողովրդավարական առաջարկ ինք չի պատկերացներ: «Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ Հայ ազգային քոնկրեսը կ՛ուզէ ոչ թէ երկխօսութիւն կատարել, այլ աւելի շատ աղմուկ բարձրացնել, որպէսզի զգացմունքային խորապատկեր մը ապահովէ եւ դժգոհ զանգուածին համակրանքին արժանանայ», աւելցուց Շարմազանով:

Ինչ կը վերաբերի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն յայտարարութեան, որ իշխանութիւնը առայժմ չի կողմնորոշուիր, Շարմազանով յայտնեց, որ «ուրիշ մոլորեալներու բաղդատմամբ, մենք շատ լաւ կողմնորոշուած ենք: Մենք կը հաւատանք, որ երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումները պէտք է շարունակուին, երկիրը պէտք չէ տանիլ ցնցումներու, երկրին մէջ քաղաքական հոլովոյթները բացառապէս պէտք է ըլլան երկխօսութեան ու համագործակցութեան ճամբով եւ դատապարտուած են բոլոր անոնց փորձերը, որոնք կը փորձեն երկիրը այլ ճամբով տանիլ»:

 

Նախորդը

«ԻՐԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՐԻՃԱՆԻ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.