
«Սալամնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտարարած է, որ մեծ պետութիւնները շահագրգռուած չեն ղարաբաղեան տագնապին լուծումով:
«Մեծ պետութիւնները տագնապներուն մէջ իրենց շահերը կը հետապնդեն: Հակառակ անոր որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի այդ հարցով (Լեռնային Ղարաբաղի), սակայն ոչ մէկ արդիւնքի հասած է: Իրան Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը կը ճանչնայ եւ կը պաշտպանէ: Ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի ոչ թէ մեծ պետութիւններու միջնորդութեամբ, այլ` շրջանային ձեւաչափով», ըսած է Լարիճանի:


