«Սուրիացի գաղթականները մեր ընտանեկան պարագաները կը նկատենք, սակայն չենք ուզեր, որ անոնք Լիբանանի մէջ տագնապի պատճառ դառնան», յայտարարեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք` երէկ ակնարկելով Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու հետզհետէ աճող թիւին:
«Լիբանանի մէջ անոնք կը հաշուեն բնակչութեան 27 առ հարիւր համեմատութիւնը, մինչ Թուրքիոյ մէջ` 4 առ հարիւր, իսկ Յորդանանի մէջ` 10 առ հարիւր», ըսաւ ան: Մաշնուք կոչ ուղղեց գաղթականներու հիւրընկալման համապատասխան չափանիշներ որդեգրելու:


