
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, բանակի գաղտնի սպասարկութեանց պետ գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատելի, պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը` հրատապ հարցերու վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Մաշնուք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի` յօգուտ քաղաքապետութեանց 16 միլիոն եւրոյի նպաստին համար:
Նմանապէս նախագահ Սլէյման ընդունեց Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ այս առիթով վերահաստատեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին:


