«Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին որդեգրուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պատրաստ են Վրաստանի հետ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրին վերջնական ձեւ տալ կարելի եղածին չափ շուտ:
«Եւրոպական Միութիւնը անգամ մը եւս կը հաւաստէ Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ հետ քաղաքական ընկերակցութիւնը եւ տնտեսական համարկումը ուժեղացնելու իր նպատակը: Կը հաստատենք, որ մեր նպատակը Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրումն է 2014-ի յունիսէն ոչ ուշ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Վրաստանի հետ համաձայնագիրը նախաստորագրուած էր նոյեմբեր 2013-ին:


