
Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան նախանցեալ օր Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ հանդիպում ունեցաւ Պռօշեանի նախկին գիւղապետ, 2 ապրիլ 2013-ին սպաննուած Հրաչ Մուրատեանի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն հետ:
Դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Կոստանեան Հրաչ Մուրատեանի հարազատներուն ներկայացուց սոյն գործով ընթացող նախաքննութեան հոլովոյթը, կատարուած հետախուզական եւ քննչական աշխատանքները: Հայաստանի գլխաւոր դատախազը ներկայացուց նախաքննական մարմինին կողմէ մինչեւ այսօր ձեռնարկուած քայլերը, պարզաբանեց նախաքննութեան հոլովոյթին վերաբերեալ հարազատները յուզող խնդիրները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
Նախքան Հրաչ Մուրատեանի հարազատներուն հետ հանդիպումը, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան անգամ մը եւս այցելեց դէպքին վայրը: Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պռօշեանի բնակիչներուն հետ եւ անոնց նոյնպէս բացատրեց նախաքննական մարմինի կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յորդորեց սոյն դէպքին վերաբերեալ որեւէ տեղեկատուութիւն, որ կրնայ օգնել նախաքննական մարմինին, որեւէ փաստ, հանգամանք, ներկայացնել անձամբ իրեն` երաշխաւորելով պահպանել տեղեկատուութիւն տրամադրողի թէ՛ գաղտնիութիւնը, թէ՛ ապահովութիւնը, Հայաստանի քրէական օրէնսդրութեամբ սահմանուած բոլոր միջոցներով:
Կոստանեան բնակչութեան նաեւ բացատրեց, որ միջպետական ճամբան փակելով եւ երթեւեկը խոչընդոտելով վերջիններս ոչ միայն չեն օգներ նախաքննութեան, այլեւ ընդհակառակն` առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի նախաքննական մարմինի աշխատանքը դառնայ քաղաքական շահարկումներու առարկայ, անկէ բխող հետեւանքներով: Հայաստանի գլխաւոր դատախազը բնակիչներուն տեղեկացուց, որ այսպիսի գործողութիւններ առաջ կը բերեն քրէական եւ վարչական պատասխանատուութիւն, եւ կրկնելու պարագային կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն նկատմամբ պիտի կիրարկուին օրէնքով սահմանուած պատասխանատուութեան միջոցներ:


