
Խորհրդարանական յանձնախումբերը երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանին մէջ գումարեցին մարաթոնային նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Նիստը ընթացաւ փոթորկոտ մթնոլորտի մը մէջ` նկատի ունենալով, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարին մասին լուրջ քննարկումներ կատարուեցան:
Վեց ժամ տեւած նիստէն ետք աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը խորհրդարանի յաջորդ օրէնսդրական լիագումար չփոխանցուեցաւ, սակայն կատարուեցան առաջարկներ, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը միացեալ այլ նիստ մը գումարեն երկուշաբթի, 7 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նկատի ունենալով, որ նման նիստ մը կը ճշդուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կողմէ:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ թղթածրարին իրաւացիութեան մասին կասկած չկայ, այլ հարցը կը կայանայ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու ձեւերուն մէջ:
Նիստէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ քննարկումը կ՛ուղղուի դէպի դրական ուղեգիծ:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ քննարկումներուն շնորհիւ կարելի եղած է յանգիլ շօշափելի յառաջդիմութեան:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի խորհրդարանին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպի, որ հանդիպումէն ետք զգուշացուց աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը քննարկելէ` շեշտելով, որ անոր հետեւանքը պիտի ըլլայ յաւելեալ մագլցողական քայլերու որդեգրումը` հասնելով մինչեւ բաց գործադուլի եւ պետական քննութիւններու սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու հանգրուանը:


