Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, որուն ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են երկու եղբայրական ժողովուրդներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային, փոխադրամիջոցներու եւ այլ մարզերու մէջ յարաբերութիւններու զարգացման կապակցութեամբ:
Պաշտօնատարները կարեւոր նկատած են այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար եւ հաստատած են, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ կապերը հետագային եւս պիտի զարգանան:


