
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութիւնը յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արեւմտեան երկիրները չեն արտօնած Ռուսիոյ արձագանգը` հասնիլ Սուրիոյ Քեսապ աւանին մէջ զինեալներու գործողութիւններուն եւ Լաթաքիա նաւահանգիստի ռմբակոծումին դատապարտումին, գործողութիւններ, որոնք ստիպած են դադրեցնել քիմիական զէնքի երկրէն դուրս բերումը:
«Քեսապի մէջ զինեալներու գործողութիւններու եւ Լաթաքիոյ ռմբակոծումին վերաբերեալ մեր առաջարկները Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արեւմտեան գործընկերներուն կողմէ աջակցութիւն չեն ստացած», յայտնած են ռուսական ներկայացուցչութենէն:
Ռուսիոյ պատրաստած նախագիծին մէջ կը դատապարտուին «սուրիահայերով բնակուած Քեսապ աւանին դէմ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու, (որոնց շարքին են Քայիտայի հետ կապ ունեցող խմբաւորումները) վերջին յարձակումները:
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին հինգշաբթի օր յոյս յայտնած էր, որ կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել իրենց փաստաթուղթին շուրջ, որ Ապահովութեան խորհուրդի պաշտօնական փաստաթուղթ չի նկատուիր:
ՄԱԿ-ի մէջ յայտնած են, որ Քեսապի շրջանը կը շարունակէ «մարտական գործողութիւններու գօտի մնալ»:
«Բարեբախտաբար, սարսափելի տեսերիզները այն մասին, որ եղած են հայերու զանգուածային սպանութիւններ, չեն հաստատուած», աւելցուցած էր Չուրքին: Ըստ անոր, Քեսապի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւնները անպայման պիտի քննարկուին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ Ապահովութեան խորհուրդի հանդիպումին ընթացքին, որ նշանակուած է 30 ապրիլին: «Մենք ատիկա կը պահենք ուշադրութեան կեդրոնը, սակայն տակաւին առանձին քննարկում չի նախատեսուիր», ըսած էր դիւանագէտը:


