
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ ահաբեկչական բոլոր գործողութիւնները, որոնք թիրախ կը դարձնեն բանակն ու ապահովութեան ուժերը, պիտի չարգիլեն, որ անոնք դադրին երկրին անվտանգութեան հսկելէ:
«Ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները, բանակը պիտի գործադրէ կառավարութեան վաւերացուցած ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու ծրագիրը», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման գուժեց բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորներուն նահատակութիւնը` դրուատելով լիբանանեան զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն առաքելութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ:
Այս առումով, նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ նաեւ նախանցեալ երեկոյեան բանակին կողմէ ահաբեկիչ Սամի Աթրաշի հետապնդումին եւ զինեալ բախումներէ ետք անոր սպանութեան:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց երկրին ապահովական կառոյցներուն շարունակելու իրենց աշխատանքը եւ ոճրագործ ահաբեկիչներուն հետ թուլամորթ չգտնուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովութիւնը լաւագոյնս պահպանել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած աննախընթաց օժանդակութեան ծրագիրը գործադրելու մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման կէսօրէ ետք նախագահեց Ազգային երկխօսութեան նիստին նախօրեակին կայացած նախապատրաստական հանդիպումի մը:


