
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարը:
Հանդիպումէն ետք Սալամ ընդգծեց տարբեր իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով Պըրրիի դիրքը, իբրեւ ազգային հեղինակութիւն:
«Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական, տնտեսական եւ սահմանադրական այս ծանր պայմաններուն ներքեւ կարեւոր է, որ իրարու հետ խորհրդակցինք եւ համադրենք աշխատանքները», ըսաւ ան` մաղթելով, որ յաջորդող օրերուն քաղաքական տարբեր ուժերուն եւ իշխանութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:
Սալամ նաեւ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին շնորհիւ կարելի ըլլայ կացութիւնը հակակշռել եւ անցնիլ նախագահական ընտրութեան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի. հանդիպումին ներկայ էր Մահմուտ Պըրրի: Քննարկուեցան երկրին իրավիճակը, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ Փարիզ կ՛ողջունէ խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստացած կառավարութեան մը գոյութիւնը:
Ան մաղթեց, որ խորհրդարանը յաջողի նաեւ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին:


